Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու ընտանեկան պարագաներէն պատուիրակութիւն մը երէկ` չորեքշաբթի, 20 հոկտեմբերին, գլխաւորութեամբ Իպրահիմ Հթէյթի, այցելեց արդարադատութեան նախարար Հանրի Խուրիի: Այս առիթով պատուիրակութիւնը նամակ մը յանձնեց նախարար Խուրիի` խնդրելով զայն փոխանցել Դատական գերագոյն խորհուրդին: Նախարարը ընդառաջեց անոնց խնդրանքին: Լրագրող, մեկնաբան Սալեմ Զահրանի համաձայն, նամակը կը պահանջէ դատաւոր Թարեք Պիթարի «հեռացումը» նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պարտականութենէն:
Նուն Կը Հակազդէ
Միւս կողմէ, դարձեալ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներէն Ուիլիամ Նուն հակազդեց Իպրահիմ Հթէյթի գլխաւորած պատուիրակութեան քայլին` ընդգծելով, որ Հթէյթ կը ներկայացնէ միայն ինքզինք եւ զոհերէն երկուքին ընտանիքները: «Ան իրաւունք չունի զոհերու ընտանիքներուն անունով խօսելու», շեշտեց Նուն` յիշեցնելով, որ իրենք տակաւին զօրավիգ կը կանգնին դատաւոր Թարեք Պիթարին եւ կը վստահին անոր առած քայլերուն:
Նշենք, որ այս հարցին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Թարեք Պիթարի «աշխատելաոճին» շուրջ որոշ հարցականներ ծագած էին` տարակարծութեան դուռ բանալով զոհերու ընտանեկան պարագաներուն միջեւ, իւրաքանչիւր կողմ յայտարարելով, թէ ի՛նք կը ներկայացնէ զոհերու ընտանիքներու պատուիրակութեան կեցուածքը:
Նմանօրինակ Հաղորդագրութիւն
Նմանապէս, Պէյրութի հրշէջներու զոհերու եւ միւս զոհերու ընտանեկան պարագաները նմանօրինակ բովանդակութեամբ հաղորդագրութեամբ մը հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը դատաւոր Թարեք Պիթարին: Անոնք ընդգծեցին, որ ո՛չ սպառնալիքէ, ո՛չ ալ սաստումէ կը վախնան, եւ պիտի շարունակեն իրենց դատական հետապնդումը` մինչեւ յանցագործներու բացայայտումը: