Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Կիներու Եւ Տղամարդոց Իրավիճակին Մասին Աննախընթաց Տեղեկագիր

Հոկտեմբեր 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զգալի Բաց Մը` Կիներու Ներկայութեան Քաղաքական Ոլորտին Մէջ.
Անոնց  Միջին Աշխատավարձը Աւելի Նուազ Է,
Քան Տղամարդոց Աշխատավարձը

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնն ու ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրը հրապարակեցին ընկերային մարզին մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող միացեալ տեղեկագիր մը` «Լիբանանի մէջ կիներու եւ տղամարդոց իրավիճակը. վիճակագրական պատկեր» խորագիրով: Միացեալ հաղորդագրութեամբ մը նշեալ զոյգ կառոյցները դիտել տուին, թէ այս տեղեկագիրը կը պարզէ իւրաքանչիւր սեռի գծով վիճակագրական կարգ մը տեղեկութիւններ եւ ցուցանիշներ, որոնք ցարդ ամէնէն համապարփակը կը թուին ըլլալ: Տեղեկագիրը ցոյց կու տայ նաեւ անցնող 15-ամեակին Լիբանանի արձանագրած յառաջդիմութիւնը` երկու սեռերու միջեւ հաւասարութեան գծով: Տեղեկագիրը կը կեդրոնանայ գլխաւոր քանի մը մարզերու` ժողովրդագրութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, աշխատաշուկայի, ընկերային ու տնտեսական պայմաններու, որոշումի կայացման եւ մարդկային իրաւանց վրայ: Տեղեկագիրը կը պարզէ, թէ սեռերու միջեւ հաւասարութեան իրագործումը կը տարուբերի ըստ իւրաքանչիւր մարզի: Օրինակ, կրթական մարզին մէջ զգալի յառաջդիմութիւն իրագործուած է` նկատի ունենալով երկու սեռերու կարեւոր հատուածի ուսման  հետեւումը, ուր պատանիներուն 90 առ հարիւրը դպրոց կը յաճախէ: Մինչ աւելի բարձր դասարաններու պարագային զգալի է իգական սեռին գերակայութիւնը:

Միւս կողմէ, աշխատուժի առումով կիները կը կազմեն 52.6 առ հարիւր, որոնց միայն 30 առ հարիւրը գործնապէս կ՛աշխատի, ինչ որ կը ցոլացնէ կիներու տնտեսական կախուածութիւնը: Ըստ այս տեղեկագիրին, սեռային կաղապարուած կարծրատիպեր կը շարունակեն ազդել կիներու մասնագիտական ընտրանքին վրայ: Արդարեւ, աշխատող 10 կիներէն 9-ը կ՛աշխատի սպասարկման ծառայութեանց մարզին մէջ, իսկ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզին մէջ կիներու աշխատուժը խիստ սահմանափակ է: Աշխատուժի մէջ կիներու համեմատութեան տկարութիւնը կը վերագրուի անհաւասար աշխատավարձերուն: Փաստօրէն, Լիբանանի մէջ իգական սեռին աշխատավարձը 6.5 առ հարիւր համեմեատութեամբ նուազ է տղամարդոց աշխատավարձէն: Նմանապէս, տեղեկագիրը կը նշէ, թէ կիներուն ներկայութիւնը խիստ սահմանափակ է քաղաքական ոլորտին մէջ, ներառեալ կառավարութեան եւ վարչական բարձր ու միջին մակարդակի պաշտօնները: Փաստօրէն, անցնող 15 տարուան ընթացքին կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքներով (2005, 2018) կիներու ներկայութիւնը խորհրդարանին մէջ 4,7 առ հարիւր համեմատութեամբ էր: Նմանապէս` քաղաքապետութեանց մէջ, ուր 2016-ի ընտրութեանց արդիւնքներուն հիմամբ յաջողած թեկնածուներու համեմատութիւնը 5,6 առ հարիւր էր: Կիներու ներկայացուցչութիւնը ղեկավար եւ արհեստակցական մարզերու մէջ տակաւին տկար է: Վարչական միջին եւ բարձր պաշտօններու գծով իգական սեռին ներկայութիւնը 2004-ին  30 առ հարիւրէն բարձրացաւ 42.3 առ հարիւրի 2018-2019 տարիներուն, այսուհանդերձ երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւնը տակաւին խոցելի է այս մարզին մէջ: Այս պատկերը առաւել եւս շեշտուած է սեփական մարզին մէջ, ուր նշեալ տարիներուն կիներու ներկայութիւնը վարչական պաշտօններու վրայ միայն 26,5 առ հարիւր էր: Տեղեկագիրը կը հրապարակուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, երբ Լիբանան կը դիմակալէ տնտեսական եւ ընկերային աննախընթաց պայմաններ, ուր բարեկարգումներու սուր պահանջ կայ: Արդ, անհրաժեշտ է, որ երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութեան կիրարկումը առանցքային կարեւորութիւն ստանայ Լիբանանի մէջ բարեկարգչական որեւէ քայլի մէջ:

«Կը խորհինք, որ հաւաստի, արդիական ու բարձրորակ մակարդակով ընկերային վիճակագրութեան մը հրապարակումը անհրաժեշտ է` յստակ պատկեր մը տալու համար Լիբանանի մէջ կնոջ եւ տղամարդու միջեւ իրաւահաւասարութեան կարգավիճակին գծով, եւ այս` խթանելու համար երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւնը լիբանանեան կառավարութեան գործունէութեան ընդմէջէն» ըսաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան: Ըստ անոր, կ՛ակնկալուի, որ այս զեկուցումը իբրեւ ուղեցոյց ծառայէ հետագայ առնչակից քաղաքականութեանց մշակման գծով, յատկապէս` այս գծով աճող հետաքրքրութեան լոյսին տակ: Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը կը ջանայ իր սահմանափակ տուեալներով ամբողջացնել այսպիսի զեկուցումներու շեշտուող պահանջարկը` հիմնուելով իր մարդուժին եւ բարերար ու միջազգային կազմակերպութեանց նիւթական եւ թեքնիք աջակցութեան վրայ:

ՄԱԿ-Ի Բարգաւաճման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Սելին Մէյրու յայտնեց, որ այս տեղեկագիրը արգասիքն է Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հետ միացեալ ու երկարաշունչ աշխատանքին, «որ կը բխի Լիբանանի վարչակարգին զօրակցելու մեր նախանձախնդրութենէն»: «Սեռերու միջեւ հաւասարութեան հարցը` իբրեւ մարդկային հարց, ինքնին զարգացման թիրախի իրագործում է», շարունակեց Մէյրու եւ աւելցուց. «Անիկա նաեւ խթանիչ կենսական ազդակ է Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու աշխուժացման եւ մնայուն բարգաւաճման իրագործման ուղղութեամբ: Այս զեկուցումը յատկապէս լուսարձակի տակ կ՛առնէ սեռերու միջեւ անհաւասարութեան վերացման պահանջը` երկու սեռերուն ուղղութեամբ թիրախաւորուած քաղաքականութեան ընդմէջէն, մեկնելով կիներու փորձառութենէն, կարիքներէն եւ մասնակցութենէն»:

Վերջապէս, այս տեղեկագիրը կը նշէ, թէ նշեալ վիճակագրական տուեալները առնուած են Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան 2004-էն 2019-ի ընթացքին կատարած հարցախոյզերու արդիւնքներէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը նախարարութեանց եւ վարչամեքենայի պատկան բաժանմունքներու արդիականացուած տուեալներէն:

Այս տեղեկագիրին անգլերէն տարբերակը կարելի է գտնել Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կայքին վրայ:

 

Նախորդը

Հայազգի Վաստակաշատ Դերասան Փիեռ Չամիչեան Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Ապահովական Եւ Ընկերային Տագնապներու Լուծման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Երկրին Վարիչներ Կը Ջանան Հարցերը Հարթել Մէկէ Աւելի Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?