Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Եւ Ընկերային Տագնապներու Լուծման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Երկրին Վարիչներ Կը Ջանան Հարցերը Հարթել Մէկէ Աւելի Ուղղութեամբ

Հոկտեմբեր 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ձեռնարկեց զանազան շփումներու եւ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ տեղական թէ արտաքին բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ` հարթելու համար երկրի կենցաղային եւ ապրուստի հրատապ հարցերը: Նախագահ Աուն այս ծիրին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վերոնեցքան, որուն հետ քննեց միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութեանց ընթացքը:

Նախագահ Աուն նաեւ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ փոխանցեց բերանացի նամակ մը, ուր Ֆրանսայի նախագահը կը վերահաստատէ իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին, քաղաքական թէ տնտեսական մարզերու մէջ:

Նախագահին այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ կարճատեւ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ անմիջական հրատապ եւ առկախ հարցերու լուծման քայլերուն գծով: Վարչապետը Պաապտայի պալատէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նշենք, որ երեսփոխան Ժորժ Աթալլա երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին խիստ հաւանական նկատեց, որ կառավարութեան նիստերը վերսկսին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

Ապահովական վերջին իրադարձութիւնները եւս մաս կազմեցին նախագահ Աունի խորհրդակցութիւններուն: Այս ծիրին մէջ ան ընդունեց ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննեց երկրի զանազան վայրերու մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն  ծալքերը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս իր կարգին ձեռնարկեց հանդիպումներու շարքի մը` երկրի հրատապ հարցերուն լուծման գծով: Վարչապետ Միքաթի այս առիթով վերահաստատեց, որ ճիգ պիտի չխնայէ քաղաքացիներու կարիքները հոգացող քայլերու իրականացման գծով: Վարչապետը նախագահեց տնտեսական յատուկ նիստի մը, ուր քննուեցան պետական  մարզի պաշտօնեաներուն օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնն ու երթեւեկի հատուցման կիրարկման քայլերը:

Նմանապէս միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն, Մոհամետ Մուհիէտտին երէկ լիբանանցի վարիչներուն հետ իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ` ներկայութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի եւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի: Միջազգային ներկայացուցիչը, որ նախապէս նման հանդիպումներ ունեցած էր նախագահ Աունի, վարչապետ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, դրական որակեց իր խորհրդակցութեանց արդիւնքները:

Տնտեսական թէ քաղաքական բնոյթի այս հանդիպումները, ինչպէս նաեւ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնի նախանցեալ օր կատարած դրական արտայայտութիւնները, որոշ լաւատեսութիւն ներշնչեցին կացութեան բարեփոխման գծով, ինչ որ իր գործնական արձագանգը ունեցաւ լիբանանեան թղթոսկիին վրայ. ամերիկեան տոլարը երէկ` հինգշաբթի երեկոյեան ուշագրաւ նահանջ արձանագրեց հասնելով 19 հազար լիբ. ոսկիի սահմանները:

Սակայն լիբանանցիք այլեւս Թովմաս առաքեալի նման միայն գործնական արդիւնքներու կը հաւատան, մինչ այդ շարունակելով իրենց ընդվզումի ելոյթները:

Այս ծիրին մէջ երէկ դարձեալ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ որոշ ժամանակով ցուցարարներ փակեցին ճամբաները` պահանջելով վառելանիւթի սակերու վերանայում, լիբանանեան թղթոսկիի վերարժեւորում եւ առհասարակ ապրուստի, կենցաղային եւ տնտեսական պայմաններու բարեփոխում:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Կիներու Եւ Տղամարդոց Իրավիճակին Մասին Աննախընթաց Տեղեկագիր

Յաջորդը

Արշակ Կարապետեան. «Թուրքիոյ Դերակատարութիւնը 44-օրեայ Պատերազմին Նուազեցուցած Է ՕԹԱՆ-ի Հանդէպ Վստահութիւնը»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?