Հարաւային Լիբանանի ծովափի միջազգային ջուրերու սահմանագծային բանակցութեանց ծիրին մէջ երէկ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն անջատ այցելութիւններ տուաւ առնչակից պատասխանատուներուն: Այս իմաստով ան տեսակցեցաւ նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց հարաւային Լիբանանի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ ջրային սահմանագծումի գծով Իսրայէլի հետ նախատեսուող անուղղակի բանակցութեանց նախապատրաստական քայլերը: Հոքշթայն այս այցելութեան ընթացքին լիբանանցի վարիչներուն հետ պարզեց նախատեսուող անուղղակի բանակցութեանց ընթացքին Լիբանանի ներկայացնելիք կեցուածքը` սահմանագծումի չափաբաժիններու, տարողութեանց եւ այլ մանրամասնութեանց գծով:
Հոքշթայն Լիբանանէն ետք պիտի այցելէ նաեւ շրջանային առնչակից այլ երկիրներ` Իսրայէլ, Եգիպտոս, Յորդանան եւ այլն:
Նշենք, որ ծագումով հրեայ ամերիկացի այս բանագնացը նոյնպէս մագոգային բանակցութիւն վարած էր Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 2014-2016-ի բանակցութեանց ընթացքին:
Կը մնայ նշել, որ լիբանանեան կարգ մը փորձագէտներ եւ մասնագէտներ որոշ վերապահութիւն ցուցաբերեցին Հոգշթայնի «առաքելութեան» հետապնդած հեռանկարներուն առնչութեամբ:
Նաեւ` Ֆայեատի Հետ
Ամերիկացի բանագնացը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շէայի: Ճաշի սեղանին շուրջ կայացած խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի առնչակից երկիրներէն (Եգիպտոս, Յորդանան եւ Սուրիա) դէպի Լիբանան փոխանցուելիք ելեկտրականութեան ծրագիրի մանրամասնութիւնները: Այս առիթով Հոքշթայն «հանգստացուց», թէ իր երկրին վարիչները կ՛երաշխաւորեն այս ծրագիրին գործադրութիւնը «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքի տնօրինումներէն զերծ պահելու կարելիութիւնը: Նախարար Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի հիւրերուն` այս ծրագիրի իրագործման եւ յատկապէս Միջազգային դրամական ֆոնտին մօտ անոնց ի նպաստ Լիբանանի ցուցաբերած կեցուածքին համար: