Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1892 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.000 լ. ոսկիի սահմանը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ամին Շըրրին, որուն հետ քննարկեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան կամաւորներուն վերաբերող հարցեր: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դրամատան մէկ տեղեկագիրին համաձայն, լիբանանցի քաղաքացիներուն 2,3 միլիոնը աղքատ են:

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ գաղտնի սպասարկութեան նախագահ Ռիչըրտ Մուր յայտնեց, որ Իրան Հըզպալլան վերածած է պետութեան մը մէջ պետութեան` աւելցնելով, որ Իրան Հըզպալլան կ՛օգտագործէ շրջանին մէջ լարուածութիւն եւ տագնապներ ստեղծելու նպատակով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարական առիթ մը կը նկատուին` երկրին քաղաքական կեանքը վերանորոգելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական կեանքը պիտի չլքէ` աւելցնելով, որ անոր թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումն ու Մուսթաքպալ հոսանքին գոյացնելիք ընտրական դաշինքները նոյնինքն Հարիրիի որոշումով պիտի ճշդուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ Նաամէի ելեկտրականութեան ընկերութիւնն ու Ռըշմայայի ջուրի ընկերութիւնը չեն գործեր` ոչ տրամաբանական պատճառներով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Ռոյթըրզ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի ջանան յետաձգել կամ խոչընդոտել երեսփոխանական ընտրութիւնները: Ան հաստատեց, որ այս քայլը Լիբանանը պիտի առաջնորդէ դէպի դանդաղ մահ:

ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի այցելութիւնը` Ֆրանչիսկոս պապին, յաջող էր` իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ յայտնեց, որ Լիբանան համաձայնութիւններու երկիր է` աւելցնելով, որ ժամանակը պիտի գայ, եւ համաձայնութիւնները կարելի պիտի ըլլայ գոյացնել: Ան հաստատեց սակայն, որ պէտք չէ մոռնալ ժողովուրդին ապրուստի կացութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախարարական աղբիւր մը հաստատած է, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային ժողով պիտի չգումարէ` աւելցնելով, որ կեցուածքները կը մնան նոյնը: «Ժումհուրիա»-ի համաձայն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան կապուած դատական իշխանութեան տագնապը կիսով լուծուած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ժողով գումարելու իրաւունքէ զուրկ կառավարութեամբ մը 2022 տարուան մեկնարկը երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման մեծ վտանգ կը սպառնայ:

Նախորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Յաջորդը

Պու Հապիպ Լը Տըրիանի Եւ Ապուլ Ղէյթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.