Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանանին Իշխող Քաղաքական Վարչակազմը Կը Քայքայուի, Իսկ Ելեւմտականը` Տակաւին Կանգուն Է»

November 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Քֆարտըպիանի Անկախութեան այգիէն երէկ յայտնեց, թէ իր կուսակցութիւնը իբրեւ անկախական հոսանք` դաստիարակուած է անկախութեան գաղափարով եւ մեծ զոհողութիւններ կատարած ի խնդիր այդ անկախութեան կերտումին:

«Սակայն աւելի ուշ բացայայտեցինք, որ այդ անկախութեան պահպանումը ամէնէն դժուար աշխատանքն է», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ ներկայիս երկրին անկախութեան կը սպառնան շարք մը հարցեր, որոնցմէ առաջինն է ելեւմտական եւ տնտեսական կերպով տիրել Լիբանանին,  «որովհետեւ անկախութիւնը միայն քաղաքական չի կրնար ըլլալ, այլ նաեւ` տնտեսական, եւ այս է այսօրուան մեր իսկական պայքարը», յայտնեց Պասիլ:

Ան ընդգծեց, որ ելեւմտական եւ տնտեսական առումով մեզի ծնրադիր դարձնել փորձողին նպատակն է մեր որոշումին տիրանալ: «Այս է իսկական մարտահրաւէրը, որովհետեւ ժողովուրդը կը գտնուի ապրուստի, ելեւմտական եւ տնտեսական լուրջ կացութեան դիմաց եւ բնական է, որ մարդիկ սպառին եւ տկարանան: Պէտք է սակայն մտահան չընել, որ մենք յարութեան զաւակներ ենք եւ յուսախաբութիւնն ու տկարութիւնը չեն կրնար ողողել մեր սրտերն ու հոգիները», շեշտեց Պասիլ:

Ան նկատել տուաւ, որ այս իշխանութեան օրով հակառակորդ քաղաքական ուժերը նեղացնողը «հզօր» եզրն էր, որովհետեւ անոնք հզօր իշխանութիւն, հանրապետութեան հզօր նախագահ եւ քաղաքական հզօր հոսանք չեն ուզեր տեսնել:

«1990-էն ի վեր ապրեցանք Լիբանանը իշխող քաղաքական վարչակազմով մը, որ կ՛ամբողջանար տնտեսականով: Զօր. Միշել Աունի հետ այս երկու վարչակազմերուն հիմնական հարցը այն էր, թէ անոր համար արժանապատուութիւնը մնաց կարեւորագոյնը, եւ հակառակ բոլոր պատահարներուն, չարտօնեց, որ մէկը իր հակակշիռին տակ առնէ հանրապետութեան նախագահութիւնն ու հանրապետութիւնը», յայտնեց ան:

Պասիլ նշեց, որ ներկայիս կան փորձեր ժողովուրդը համոզելու, թէ Լիբանան կը գտնուի նոր հոգատարութեան մը դիմաց, որ իրանեանն է: «Մենք` իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք, դիմադրած ենք իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ սուրիական հոգատարութեան դէմ: Իսկ եթէ այսօր իրանեան հոգատարութիւն կամ բռնագրաւում կայ, ապա մենք պիտի ըլլանք անոր առաջին դիմադրողներէն, մինչդեռ ուրիշներ անոր դիմաց պիտի ծնրադրեն», շեշտեց Պասիլ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ իրանեան հոգատարութիւն կամ բռնագրաւում չկայ եւ կոչ ուղղեց չվախնալու արձակուող կարգախօսներէն:

Պասիլ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի իշխանութիւնը պատասխանատուութիւն չէ ստանձնած այնպիսի օրերու, երբ երկիրը ելեկտրականութեան տագնապ կամ նիւթական պարտաւորութիւններ չունէր, այլ` այնպիսի օրերու, երբ երկիրը սնանկացած էր եւ կը գտնուէր անոր քայքայումը յայտարարուելու սեմին:

«Երկրին քայքայումին պատասխանատու է ան, որ 90-ականներու սկիզբէն ի վեր պետական գանձարկղի բաժնետոմսերը 42 առ հարիւրի տոկոսով ճշդած է եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան սակը կայուն պահած է, որպէսզի ինքզինք ներկայացնէ իբրեւ այդ նուաճումը գործած հերոս: Մինչդեռ այդ քաղաքականութեան պատճառով է, որ երկիրը փուլ պիտի գայ», շեշտեց ան:

Ան նկատել տուաւ, որ այս իշխանութիւնն է, որ դիմադրեց ելեւմտական այս անճիշդ քաղաքականութեան եւ կազմաքանդեց ելեւմտական վարչակազմը: «Լիբանանին իշխող քաղաքական վարչակազմը կը քայքայուի, եւ անոնցմէ կը փրկուինք, իսկ ելեւմտականը տակաւին կանգուն է, եւ առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը», նշեց ան:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանի տնտեսութիւնը ազատագրելու: «Այս է նպատակը, եւ պայքարը ընթացքի մէջ է` երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ, ընտրութիւններուն ընթացքին եւ անկէ ետք: Յիշեցէ՛ք, թէ մենք Լիբանանը ազատագրեցինք բոլոր բռնագրաւողներէն, հոգատարներէն, եւ այսօր զայն պիտի ազատագրենք ելեւմտական վարչակազմէն: Մեր նպատակն է երկրին տնտեսութիւնը ազատագրել, պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները վերադարձնել եւ իրաւական հաշուեքննութիւնը իրականացնել», ըսաւ ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան դրամանիշի յաւելեալ արժեզրկումը եւ ամերիկեան տոլարի սակը միշտ բարձրացնելը կը միտի ժողովուրդը երեսփոխանական ընտրութիւններուն հասցնել գրեթէ սպառած վիճակի մէջ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի դիմադրեն այդ բոլոր դաւադրութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Մաուլաուի Քննարկեց Աշխատաւորներուն Տառապանքները

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Ինչո՞ւ Բարեկարգումները Կը Բացակային, Եւ Ինչո՞ւ Ոչինչ Կը Լսենք Հատուցման Քարտին Մասին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.