Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ շաբաթավերջին ողջունեց Աւստրալիոյ կողմէ Հըզպալլան` իր քաղաքական եւ զինուորական թեւերով, ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու որոշումը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս հաստատեց, որ Հըզպալլայի քաղաքական թեւը զինուորական անջատ կառոյց նկատելը սխալ մըն է, որ գործուած է, եւ պէտք է վերջ տալ այդ սխալին:
Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական վտանգաւոր կազմակերպութիւն մըն է, որ կը սպառնայ միջազգային ընտանիքին եւ կը սահմանափակէ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը:
Փրայս շեշտեց, որ Հըզպալլայի զինուորական եւ ահաբեկչական կարողութիւնները, քարոզչական միջոցներն ու փտածութեան վրայ հիմնուած դրամական ցանցը հիմնական խոչընդոտներ կը նկատուին Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի խաղաղութեան ու ապահովական կայունութեան դիմաց:



