Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրոնեցքա, Լաքրուա Եւ Տել Քոլ Ապահովութեան Խորհուրդը Տեղեակ Պահեցին Լիբանանի Կացութեան Մասին

December 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, խաղաղապահ գործողութիւններու Կութիերեսի ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լաքրուա եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տեղեակ պահեցին թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին:

Վրոնեցքա դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը դրական զարգացում կը նկատուի, սակայն ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումները չեն գործադրուած` 21 յուլիսին Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած տեղեկագիրէն ի վեր:

Վրոնեցքա մաղթեց, որ կառավարութիւնը վերսկսի իր ժողովները գումարելու եւ որդեգրէ այնպիսի միջոցառումներ, որոնք ի նպաստ երկրին եւ ժողովուրդին են:

«Եթէ Լիբանանի ղեկավարութիւնը կը փափաքի երկրին տնտեսական տագնապը լուծել եւ Լիբանանի մէջ քաղաքական ու հաստատութենական կայունութիւն հաստատել, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին կարիքները հոգալ եւ իրաւունքները յարգել, ապա իր կատարած խոստումներուն յանձնառու պէտք է մնայ եւ զանոնք վերածէ գործի», ըսաւ ան:

Վրոնեցքա նկատել տուաւ նաեւ, որ ճշդուած սահմանադրական ժամկէտով կատարուելիք պարկեշտ եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան հիմքը կը ներկայացնեն եւ բարեկարգումի անմասնատելի մէկ բաժինը կը նկատուին, ինչպէս նաեւ Լիբանանը կը զետեղեն ապաքինման ուղիին վրայ:

Ան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պատրաստակամ է զօրակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին:

Միւս կողմէ, Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները ողջունեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ջանքերը` սահմանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու առումով, եւ գնահատեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:

Անոնք ընդգծեցին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ բռնարարքներուն վերջ տալու մէջ բոլոր կողմերուն յանձնառութեան կարեւորութիւնը:

Վրոնեցքա քաջալերեց միջազգային ընտանիքը լիբանանեան բանակին յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու իմաստով, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով, հակառակ անոր որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ծանր տագնապը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ բանակին եւ անոր զինուորներուն վրայ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան վերաբերող վերջին լարուածութեան շրջագիծին մէջ, Վրոնեցքա վերահաստատեց արդարութեան եւ հաշուետուութեան կանչելու ՄԱԿ-ի կոչը`  ընդգծելով արագ, պարկեշտ, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Վրոնեցքա ընդգծեց, որ ՄԱԿ կառչած կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան եւ յանձնառու կը մնայ երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան:

 

 

Նախորդը

Պայրամ. «Սեփական Մարզի Պաշտօնէութեան Փոխադրածախսի Վաւերացումը Կառավարութեան Ժողովի Կարիք Պիտի Չունենայ»

Յաջորդը

Պըրրի Քումարճահի Հետ Քննարկեց Հատուցման Քարտը Ֆինանսաւորելու Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.