Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին լիբանանցիները ծունկի բերելու միտումներ կան, որպէսզի անոնք ամէն հարցով համաձայնութիւն յայտնեն:
«Կը գտնուինք ժողովուրդը սովի ենթարկելու եւ զայն հակակշիռի տակ առնելու քայլերու դիմաց», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց գումարելու միջազգային խորհրդաժողով մը` օժանդակելու համար լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց դիմագրաւած հարցերը քննարկել եւ անոնց վերջնական լուծումներ ապահովել:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ երկրին մէջ քաղաքակիրթ յեղափոխութիւնը պէտք է շարունակուի` աւելցնելով, որ ինք կողմնակալ չէ եւ համաձայն է, որ իւրաքանչիւր թղթածրարի շուրջ բացուած հետաքննութիւն արդար եւ պարկեշտ կերպով կատարուի, եւ եզրակացութիւն գոյանայ:
Ան նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը դատական իշխանութիւններուն իրաւասութիւնն է:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ մօտիկ ապագային քրիստոնեայ ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի չունենայ, նշելով նաեւ, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի անդամներ այցելած են Պքերքէ եւ շեշտած, թէ իրենք անձնական հանգամանքով համաձայն են Լիբանանի չէզոք ըլլալու կեցուածքին:
Անդրադառնալով տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի հետ իր հանդիպումին` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք հրաժարելու եւ «հերոսանալու» խորհուրդ տուած է Քըրտահիին, սակայն ան մերժած է ընդունիլ իր խորհուրդը:
Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի անձամբ յայտնած է իրեն, թէ Քըրտահիի հրաժարականը կրնայ օժանդակել հարցերու լուծման:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ կառավարութեան հրաժարականը` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքները ապօրինի կերպով արգելակող կողմերը հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն դէմ ոճիր կը գործեն:



