Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի շաբաթավերջին ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն ընկերակցեցաւ աշխատաւորական սենտիքաները ներկայացնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աշխատաւորներուն պահանջներն ու իրաւունքները:
Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարին ներկայացուցած են լիբանանցի աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն դիմագրաւած ծանր ու վատ պայմանները, յատկապէս քաղաքապետարաններուն եւ երթեւեկի կազմակերպման մարզի պաշտօնեաներուն աշխատանքը:
Ասմար ընդգծեց, որ Պասսամ Մաուլաուի հասկացողութիւն ցուցաբերեց իրենց ներկայացուցած պահանջներուն նկատմամբ եւ խոստացաւ բոլոր քաղաքապետարաններուն պաշտօնեաներն ու սարակները նկատի ունենալ` պետական մարզի պաշտօնեաներուն տրուելիք յաւելումներուն եւ փոխադրածախսին պարագային:



