Վարչապետ Միքաթի Նախագահ Աունին Ներկայացուց Մաքրոնի Եւ Պըն Սալմանի Հետ Քննարկումներուն Մանրամասնութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին տարբեր մարզերը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան իրավիճակին վերաբերող զարգացումներուն կապուած խնդիրներ: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ քննարկուած հարցերը` Ժետտայի հանդիպումին ընթացքին: Նախագահ Աուն Միքաթիի հետ քննարկեց նաեւ...



















