Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբի Դ. ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան սեփական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը սրբագրելու կարելիութիւնները:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար, փոխնախագահ Հասան Ֆաքիհ, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան փոխնախագահ Զիատ Պաքտաշ, Պէյրութի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու փոխնախագահ Նապիլ Ֆահըտ, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Ժողովէն ետք Պայրամ յայտնեց, որ սեփական մարզի պաշտօնէութեան փոխադրածախսը ամէնօրեայ դրութեամբ 65.000-ի վերածելու ուղղութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ այդ հարցով հրամանագիրը կառավարութեան նիստի կարիք պիտի չունենայ, այլ ուղղակի պիտի ստորագրուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:
Նշենք, որ հրամանագիրը արդէն իսկ կը կրէ աշխատանքի նախարարին ստորագրութիւնը:
Պայրամ ընդգծեց, որ սեփական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձը սրբագրելու իմաստով քննարկումները հասած են զգայուն կէտի մը` շեշտելով, որ այդ մասին ոչինչ պիտի յայտարարուի, այլ` այդ լուծումները պիտի ներկայացուին վարչապետին:
«Ճիշդ է, որ գործատէրերուն իրաւունքն է իրենց շահերը պաշտպանել, նոյնպէս ալ աշխատաւորներուն իրաւունքն է եւ պարտաւորութիւնը` իրենց շահերը պաշտպանել», ըսաւ ան:



