Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Ինչո՞ւ Բարեկարգումները Կը Բացակային, Եւ Ինչո՞ւ Ոչինչ Կը Լսենք Հատուցման Քարտին Մասին»

November 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, շաբաթավերջին Իքլիմ Խարրուպի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ժողովրդային ընդարձակ հանդիպումի մը:

Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ պատուաստումի անհրաժեշտութեան:

Ժոմպլաթ հարց տուաւ երկրին մէջ բարեկարգումներու չգործադրուելուն եւ ելեկտրականութեան մարզին բարելաւում չարձանագրելուն պատճառներուն մասին, ինչպէս նաեւ հարց տուաւ հատուցման քարտին մասին:

«Ինչո՞ւ հատուցման քարտին մասին ոչինչ կը լսենք եւ արդեօք կառավարութեան մէջ կա՞ն քաղաքական ուժեր, որոնք կը մերժեն այդ քարտին դրութիւնը», հարց տուաւ ան:

Անդրադառնալով ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն` Ժոմպլաթ զգուշացուց երկիրը սուրիական-իրանեան առանցքին յանձնելու վտանգէն, ինչպէս նաեւ զգուշացուց կառավարութեան ժողովները վերսկսելու դիմաց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը վերացնելու փորձերէն:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը անկարելի է, որ դուրս գայ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր ունեցած բնական, առարկայական եւ պատմական դաշինքէն:

«Լաւ գիտենք շէյխ Սաատ Հարիրիի վրայ բանեցուած ճնշումներուն մասին եւ հակառակ այդ բոլորին կոչ կ՛ուղղենք անոր վերադառնալու Լիբանան, որովհետեւ Լիբանան իր երկիրն է եւ անկէ բացակայիլը ի նպաստ իրեն չէ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ եւս ընտրական դաշինք ունին եւ պիտի փորձեն զայն ամրապնդել:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող կարգ մը երկիրներու դեսպանատուները, որոնք կը զօրակցին յեղափոխութեան եւ փոփոխութեան ուժերուն, ո՛չ միայն կ՛անտեսեն երկրին քաղաքական ներկայ վարչակարգը, այլեւ` կը զօրակցին անոր, այդ վարչակարգը արդիականացնելու կամ զարգացնելու փոխարէն:

Նշենք, որ Թայմուր Ժոմպլաթ իր կարգին շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան հաստատեց ընկերային պաշտպանութիւն ապահովելու նպատակով պետութեան կողմէ արտակարգ միջոցառումներ որդեգրելու կարեւորութիւնը:

«Հատուցման քարտի ճակատագիրին անորոշութիւնը, ժողովուրդին ծառայութիւններ չմատուցելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը իրենց քանդիչ հետեւանքները կ՛ունենան քաղաքացիներուն վրայ: Այս իրականութիւնը հայրենիքին եւ ժողովուրդին դէմ ոճիր գործելու համազօր է», ըսաւ Թայմուր Ժոմպլաթ:

Նախորդը

Պասիլ. «Լիբանանին Իշխող Քաղաքական Վարչակազմը Կը Քայքայուի, Իսկ Ելեւմտականը` Տակաւին Կանգուն Է»

Յաջորդը

Պաղեստինցի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օրուան Առիթով. «Թող Միջազգային Ընտանիքը Աշխատի Պաղեստինցիներու Տառապանքին Վերջ Տալու Ուղղութեամբ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.