Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապիատ. «Ֆայզըր» Պատուաստումի Մարաթոնը Յաջող Ընթացք Ունեցաւ»

December 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախարարութեան կազմակերպած «Ֆայզըր» պատուաստումի մարաթոնը յաջող ընթացք ունեցաւ:

Ան նշեց, որ շաբաթ օր լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ պատուաստուած են 34.163 անհատներ, որոնցմէ առաջին պատուաստը ստացած է 25.215 հոգի, երկրորդ պատուաստը` 1184, իսկ երրորդ պատուաստը` 7134:

Ապիատ նշեց, որ կիրակի օր պատուաստուողներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 19.000-ի:

Ան հաստատեց, որ մարաթոնին իրականացուցած յաջողութիւնը մեծ է` աւելցնելով, որ բոլոր տարիքի քաղաքացիները, յատկապէս 30-49 տարիքը բոլորածները, որոնք ամէնէն աւելի կը մերժէին պատուաստուիլ, մասնակցած են շաբաթավերջին կազմակերպուած պատուաստումի մարաթոնին:

Պատուաստումի մարաթոնին հետեւելու նպատակով Ապիատ շաբաթավերջին այցելեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող կառավարական հիւանդանոցները, որոնք վերածուած էին պատուաստումի կեդրոններու: Այդ շրջաններէն են. Պաալպեք, Հերմել, Զահլէ, Պեքաա, Մաշղարա, Հալպա, Մընիէ, Թրիփոլի, Զղարթա, Պալամանտ, Պաթրուն, Պուար եւ Տորա` «Սիթի Մոլ»-ի մէջ գտնուող Լիբանանեան կարմիր խաչի կեդրոնը:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակով վարակուած երկու պարագաներ, որոնք մեկուսացումի մէջ կը գտնուին:

Նախարարութիւնը յայտարարեց նաեւ, որ կան վեց այլ պարագաներ, որոնք կասկածելի են, թէ վարակուած են «Օմիքրոն» տարբերակով:

Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման համար որդեգրուած միջոցառումները որդեգրելու եւ պատուաստուելու, եթէ տակաւին չեն պատուաստուած:

Իր կարգին, առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է «Քորոնա» ժահրի վարակումը կանխարգիլող նախազգուշութիւնները խստացնեն, ինչպէս նաեւ պատուաստումի թափը արագացնեն:

Արաժի յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին հաւաքական դիմադրողականութեան մակարդակին չէ հասած` աւելցնելով, որ պատուաստումի արշաւները կարեւոր են, եւ պատուաստուած ըլլալով կարելի է նուազեցնել «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդանոցային պարագաները:

Արաժի ընդգծեց, որ պետութիւնը եւ քաղաքացին պատասխանատու են նախազգուշութիւններուն, որովհետեւ այս եղանակը կ՛արտօնէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. «Կառավարութիւնը Վճռած Է Լիբանանը Իր Տագնապէն Դուրս Բերել Եւ Իր Նկատմամբ Միջազգային Վստահութիւնը Վերահաստատել» Շեշտեց Ամին Սալամ

Յաջորդը

Սիւննի Համայնքի Հոգեւորականներու Գերագոյն Խորհուրդը Իր Զօրակցութիւնը Կը Վերահաստատէ Միքաթիի Նկատմամբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.