Կեդրոնական դրամատան որոշումով, լիբանանեան դրամատուներուն մէջ ամերիկեան տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարը այսուհետեւ պիտի վճարուի 8000 լ. ոսկիի սակին վրայ, եւ ոչ 3900-ի:
Ըստ որոշումին, այդ սակին համաձայն ստացուելիք գումարը ամսական դրութեամբ 3000 ամերիկեան տոլարը պէտք չէ անցնի:
Կեդրոնական դրամատունը հաստատեց նաեւ, որ թիւ 151 հրամանագիրի ճշդած դրութենէն օգտուող քաղաքացիները իրենց կարգին, ամերիկեան տոլարին դիմաց իրենց ստացած լիբանանեան դրամանիշի բաժինը պիտի ստանան 8000 լ. ոսկիի հիման վրայ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բացայայտուած են երկու պարագաներ, որոնք վարակուած են «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակով:
Ապիատ յայտնեց, որ վարակուած պարագաները Ափրիկէէն Պէյրութ եկած ճամբորդներ են, որոնք ներկայիս մեկուսացուած են եւ առողջական կայուն վիճակի մէջ կը գտնուին:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակով վարակուածներ ընդունելու հաւանականութեան պատճառով, ճամբորդներէն ո՛չ միայն պատուաստուած ըլլալու փաստաթուղթ պիտի պահանջուի, այլ նաեւ` «Փի. Սի. Ար.»-ի նոր քննութիւնը:
Նշենք, որ երէկ ցամաքային փոխադրութեան մարզը կատարեց իր գործադուլն ու բողոքի նստացոյցերը, որոնք մնացին խորհրդանշական:
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ այս անգամ վարորդները մերժեցին ճամբաները փակել եւ երթեւեկը կասեցնել, սակայն եթէ կառավարութիւնը իր խոստումները չգործադրէ, ապա անոնք պիտի ստիպուին յառաջիկային մագլցողական քայլերու դիմել:
Գործադուլն ու նստացոյցերը կեդրոնացան Ռիատ Սոլհի, Քարանթինայի, Սայֆիի, Պէյրութի քաղաքապետարանին, Սթարքոյի, Պըրժ Մըրի, Կեդրոնական դրամատան, ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին, Սփիրզի եւ վարչապետարանին մօտակայքը, ինչպէս նաեւ Սայտայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ, յատկապէս Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ:




