Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը Այսօր Գործադուլ Եւ Նստացոյցեր Պիտի Կատարէ Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին

Դեկտեմբեր 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնէն յայտարարեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզը այսօր գործադուլ յայտարարած է եւ բողոքի նստացոյցեր ու երթեր պիտի կատարէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թլայս յայտնեց, որ նախապէս որոշուած այս նստացոյցն ու գործադուլը ջնջուած էր` վարչապետին եւ կարգ մը նախարարներու կողմէ տրուած խոստումներուն լոյսին տակ, «սակայն ցամաքային փոխադրութեան մարզին տրուած բոլոր խոստումները չգործադրուեցան», ըսաւ ան:

Թլայս յայտնեց, որ նստացոյցերը պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 6:00-ին եւ պիտի շարունակուին ամբողջ օրուան ընթացքին, իսկ բողոքի երթերը պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պէյրութի տարբեր շրջաններէն դէպի վարչապետարան:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ելեկտրականութեան մարզը յուզող հարցերը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեք:

Հանդիպումին աւարտին Ֆայեատ յայտնեց, որ ժողովին նպատակն էր քննարկել ելեկտրականութեան մարզին կապուած նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու միջոցները, ինչ որ Միջազգային դրամատան նախապայմաններէն է, ինչպէս նաեւ կարեւոր է Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան նորոգութիւնները կատարելու համար:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ կազատարները նորոգելու կարեւորութեան` հաստատելով, որ Կեդրոնական դրամատունը համաձայնութիւն յայտնած է այդ ծրագիրը ֆինանսաւորելու իմաստով:

Ան նշեց, որ ինք հանդիպում մը պիտի ունենայ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան հետ եւ պիտի քննարկէ Լիբանանի մէջ բնական կազի հորեր պեղելու եւ կազ արտահանելու կարելիութիւնները:

Ֆայեատ ընդգծեց նաեւ, որ Յորդանանէն եւ Սուրիայէն ելեկտրականութիւնն ու կազը դէպի Լիբանան փոխադրելու համաձայնագիրը պատրաստ է արդէն:

Նախորդը

«Հին Տոլարը Ապրանք Մըն Է, Որուն Վրայ «Շահաբաժին» Կայ, Իսկ Կառավարութիւնը Լուռ Կը Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Ռուսիան ՄԱԿ-ին Կոչ Ուղղած Է Աջակցելու Գաղթականներու Եւ Ներքին Տեղահանուած Անձերու Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձին

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?