Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրոնեցքա Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Միքաթիի

December 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն յայտնեց, թէ մտահոգուելու կարիք չկայ, որովհետեւ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պէտք չէ տարուիլ կարգ մը լրատուամիջոցներու կատարած ապատեղեկատուութեամբ:

«Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային խիստ կերպով պիտի ընդդիմանանք ընտրողներուն վրայ կատարուելիք արտաքին միջամտութիւններուն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կան կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ, որոնք կ՛օգտագործեն երկրին տնտեսական եւ ապրուստի դժուար ու ծանր պայմանները` քուէարկողներուն վրայ ճնշում բանեցնելու եւ զանոնք քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններու կողմը ուղղելու նպատակով», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ կառավարութիւնը վերստին նիստի հրաւիրելու նպատակով խորհրդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են` շեշտելով, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք չէ դատական իշխանութիւններու աշխատանքներուն միջամուխ դառնան, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան հարցով:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է յարգել իշխանութիւնները իրարմէ տարանջատելու սահմանադրութեամբ ճշդուած սկզբունքը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ընդգծելով լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն ողջունեց այս ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը` աւելցնելով, որ անոր այցելութեան ծրագիրը կը պատրաստուի Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան հետ համագործակցաբար:

Վրոնեցքա նախագահ Աունին ներկայացուց թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին Ապահովութեան խորհուրդի անցեալ ամսուան նիստին քննարկումներն ու այդ իմաստով արձանագրուած կեցուածքները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցերն ու տիրող իրավիճակը:

Վրոնեցքա այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն դարձեալ ներկայացուց անցեալ ամսուան աւարտին Ապահովութեան խորհուրդին քննարկած ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին կապուած շարք մը հարցեր:

Վրոնեցքա ընդգծեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը հաստատեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններն ու բարեկարգումները կատարելու, ինչպէս նաեւ թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Փոխնախագահը Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Հին Տոլարը Ապրանք Մըն Է, Որուն Վրայ «Շահաբաժին» Կայ, Իսկ Կառավարութիւնը Լուռ Կը Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.