ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1539 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.700 լ. ոսկիի սահմանը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին մէջ ըսաւ. «Կտրուկ կերպով կը մերժենք կառավարութեան նիստերու գումարման արգելակումը, որ ինքնին սահմանադրութիւնը ոտնահարելու քայլ մըն է»:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերը արգելակուած պիտի չմնան` աւելցնելով, որ խորհրդարանը պիտի լուծէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին բացուած հետաքննութեան շուրջ տիրող բանավէճը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա: Ան Փարիզի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ուժանիւթի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի մարզերու ֆրանսացի պատասխանատուներուն, Ֆրանսայի ելեկտրականութեան կայանի տնօրէնին, Բարգաւաճման ֆրանսական գործակալութեան, որ կը ֆինանսաւորէ ջուրի եւ կոյուղիներու յատուկ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ «Թոթալ» ֆրանսական նաւթի ընկերութեան հետ, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերուն մէջ կը գործէ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտի ծառայութենէն օգտուելու համար արձանագրուող դիմորդներուն թիւը հասած է աւելի քան 192 հազար ընտանիքի` աւելցնելով, որ այդ քարտին գործադրութիւնը ուժի մէջ դնելու նպատակով տակաւին գումարները չեն ապահովուած:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի հարցը պէտք է լուծել եւ ոչ թէ զայն մեկուսացնել: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը պէտք է վերադառնայ արդար եւ անկախ դատական իշխանութիւններուն:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արդարութիւնը հալածանքի կ՛ենթարկուի` աւելցնելով, որ ոմանք կը փորձեն ծածկել եւ պաշտպանել իսկական յանցագործները, որպէսզի անոնք պատժական տնօրինումներու չենթարկուին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ապահովութեան ուժերը յաջողած են բացայայտել եւ կասեցնել չորս միլիոն «Քեփթակոն» դեղահատի մաքսանենգումը: Թմրանիւթ պարունակող «Քեփթակոն» դեղահատերը զետեղուած էին սուրճի յատուկ տոպրակներու մէջ, եւ անոնց մաքսանենգումի ուղղութիւնն էր նախ Յորդանանը եւ ապա Սէուտական Արաբիան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ ներկայ իշխանութիւնները կը մերժեն տեսնել, թէ երկիրը տագնապալի վիճակի մէջ է, եւ ամբողջական ուրացում կ՛ապրին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ ըսաւ. «Ով որ տակաւին համոզուած է, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կայունութեան աղբիւր է, ապա թող իր համոզումին հետեւանքները կրէ»:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան ընթացքը քաղաքական որոշումի մը մասին կը խօսի եւ ոչ մէկ կապ ունի հիմնական հարցին ու թղթածրարին հետ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ եթէ ինք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի տեղ ըլլար, ապա կը մեկնէր Ֆրանսա եւ ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն կը յանձնէր բոլոր ղեկավարներուն թղթածրարները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց կառավարութեան մշակելու երկրին վատթարացումը կասեցնող ծրագիր մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ Հըզպալլա ոչ մէկ փտած կը պաշտպանէ, նոյնիսկ եթէ ան իր դաշնակիցը ըլլայ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կարծէք արգիլուած է նախարարաց խորհուրդի ժողով մը գումարել` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան նիստ մը գումարելու կարելիութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան: Ան հաստատեց, որ ինչքան կառավարութիւնը ուշանայ իր նիստը գումարելու, կացութիւնը պիտի ուղղուի դէպի վատթարացում, իսկ առանց յստակ ծրագիրի Կեդրոնական դրամատան առած քայլերը պիտի բարձրացնեն գնաճը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ անհրաժեշտ նկատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաշուետուութեան կանչուի: Ան հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին գերիշխան, անկախ եւ հզօր Լիբանանին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Լիբանան թիրախ դարձած է ամերիկեան քանդիչ քաղաքականութեան, որ կը պաշտպանէ տնտեսական քանդուած վարչակազմի կէտերը: Անդրադառնալով յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Քաուք յայտնեց, որ ամերիկեան դեսպանատունը անձամբ կը կազմակերպէ երեսփոխանական ընտրութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար Քամիլ Շամուն հաստատեց, որ չէզոքութիւնը անհրաժեշտ է Լիբանանի ապագային համար:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր հաստատեց, որ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստուածութեան մասին խօսիլ, երբ տակաւին ընտրութեան թուականը չէ ճշդուած: Ան աւելցուց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով թեկնածու պիտի առաջադրէ նաեւ Թրիփոլիի մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն` Սուրի Պըրժ Շմալի գաղթակայանին մէջ պատահած պայթումին մանրամասնութիւնները հանրութեան տրամադրութեան տակ զետեղելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հոսանքը ոչ մէկ որոշում պիտի տայ, նախքան հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը: Նոյն աղբիւրները հարցականի տակ առին Հըզպալլայի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու փափաքը:
«ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը յառաջիկայ ամսուան կիսուն յայտարարէ երեսփոխանական ընտրութեան իր թեկնածուները: