Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաթրունի Թուլա դպրոցին մէջ հովանաւորեց ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Էթըրվիկը, տարբեր դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի յատուկ ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ:
Հանդիսութեան ընթացքին զօր. Աուն հիւսիսային Լիբանանը յայտարարեց ականներէ զերծ շրջան:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանցինեուն ապրած այս սեւ օրերուն յուսադրիչ երեւոյթ է, որ հիւսիսային Լիբանանը ականներէ զերծ յայտարարուած է:
Բանակի հրամանատարը խոստացաւ լիբանանցիներուն ականներու վնասազերծման աշխատանքը շարունակել, մինչեւ որ լիբանանեան տարբեր շրջանները ականազերծուին:



