Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութիւնը Կը Խոստանայ Շարունակել Լիբանանի Օժանդակութիւնը` Լուծելու Համար Տնտեսական Տագնապը

Դեկտեմբեր 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Միջազգային դրամական ֆոնտի օգնական տնօրէն Թանոս Առվանիցի, Լիբանանի մէջ ֆոնտի նոր նշանակուած նախագահ Էռնեսթօ Ռիկօ Ռամիրեզ, նախորդ պատուիրակութեան ընթացաւարտ շրջանի պատասխանատու Մարթըն Սերիզոլա, իսկ Լիբանանի գործադիր գրասենեակի պատասխանատու Մայա Շուէյրի:

Նախագահ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին Առվանիցի հաստատեց աշխատանքը արագացնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը իր կարողութիւնները կը զետեղէ Լիբանանի տրամադրութեան տակ:

«Պատրաստ ենք Լիբանանի օժանդակութիւնը շարունակելու եւ հասնելու այնպիսի ծրագիրի մը, որ առիթ կու տայ անոր տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապը լուծելու», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ մշակելու բարեկարգումի նոր ծրագիր մը, որուն գործադրութեան կարելիութիւնները մեծ են, ինչպէս նաեւ ֆոնտին հետ գործակցելու` այդ ծրագիրը վաւերացնելու համար:

Ան հաստատեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին առաջնահերթութիւնները ընկերային եւ առողջապահական մարզերու հարցերն են:

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի եւ վարչապետ Միքաթիի տնտեսական խորհրդատու Սամիր Տահեր:

Հանդիպումէն ետք Ռամիրեզ ընդգծեց, որ իրենք Լիբանանի կողքին պիտի կանգնին եւ պիտի օժանդակեն, որպէսզի ան կարենայ լուծել ներկայ տնտեսական տագնապը:

Խորհրդարանը Վաւերացուց Հատուցման Քարտը, Իսկ Վարչապետը Խոստացաւ Վճարումները Ամերիկեան Տոլարով Կատարել

Խորհրդարանը երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ գումարեց օրէնսդրական իր նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Խորհրդարանը վաւերացուց հատուցման քարտը, իսկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խոստացաւ քարտին վճարումները ամերիկեան տոլարով կատարել:

Խորհրդարանը մերժեց օրինագիծ մը, որ կ՛առաջարկէր պրէօվէի պետական քննութիւնը չեղեալ նկատել:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ այլ օրէնք մը, որուն համաձայն անոնք, որոնք պատուաստուած չեն, 250 հազարի տուրք պիտի վճարեն:

«Ֆայզըր» Պատուաստումի Մարաթոն` 11-12 Դեկտեմբերին

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը շաբաթ, 11 եւ կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին ծրագրած է «Ֆայզըր» պատուաստումի մարաթոն մը, որուն պիտի մասնակցին 12 տարիքէն վեր բոլոր քաղաքացիները:

«Ֆայզըր» պատուաստումի մարաթոնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:00-էն եւ պիտի տեւէ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:

«Ֆայզըր» պատուաստումի մարաթոնը պիտի կատարուի առողջապահութեան նախարարութեան որոշած կեդրոններուն մէջ:

Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, մարաթոնին մասնակցելու համար պատուաստումի ե-հարթակին համար արձանագրուող քաղաքացիները իրենց հետ պէտք է ունենան արձանագրութեան մանրամասնութիւնները, իսկ անոնք, որոնք չեն արձանագրուած, ապա իրենց հետ պէտք է ունենան փաստաթուղթեր, ինքնութեան թուղթ, անցագիր, անհատական իխրաժ քայտ, բնակութեան տեղեկագիր` քաղաքապետարանէն:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումը:

Իսրայէլեան ուժեր երէկ առաւօտեան ռմբակոծած էին Լաթաքիոյ նաւահանգիստը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Լիբանան իր կառավարութեամբ եւ ժողովուրդով կը զօրակցի Սուրիոյ եւ անոր ապահովական կայունութեան ու քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

 

Նախորդը

Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?