ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1836 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.500 լ. ոսկիի սահմանը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը չկարենայ վերսկսիլ իր ժողովներուն, ապա Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու իմաստով լուրջ դժուարութիւն կայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին դէմ ներկայացուած վիճարկումին մասին վերջնական որոշումը պիտի տրուի յառաջիկայ շաբաթ, հակառակ անոր որ վճիռ կայացնելու խորհուրդին ժամկէտը 21 դեկտեմբերն է:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որմէ ստացաւ հրաւէր մը` ուժանիւթի նախարար Ուալիտ Ֆայեատի ընկերակցութեամբ մասնակցելու Պերլինի մէջ տեղի ունենալիք ուժանիւթի խորհրդաժողովին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հանդիպի լուծելու համար քաղաքացիներուն կենցաղային հարցերը: Ան հաստատեց, որ քաղաքացիներուն անօթութեան դիմաց ամէն ինչ կը տապալի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ կայ ամերիկեան յստակ ծրագիր մը, որ թիրախ կը դարձնէ Դիմադրութեան միջավայրը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ հատուցման քարտ ստանալու իմաստով յստակ չափանիշներ չկան` աւելցնելով, որ Կեդրոնական քննչական յանձնախումբը կարելիութիւն չունի գումարները ճշդելու առումով «Իմփեքթ» ե-հարթակին մէջ դերակատարութիւն ունենալու: Թապըշ հաստատեց, որ կին երեսփոխանները իրենց կարգին օրէնսդիր աշխատանք կը կատարեն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ հիմնական հարցը շրջանային պատերազմներուն անոր միջամուխ դառնալն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան մաս կազմող ոեւէ անձնաւորութիւն կարողութիւն չունի երկիրն ու ժողովուրդը փրկելու տիրող իրավիճակէն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, արաբական աղբիւրներ լաւատեսութիւն յայտնած են Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումին մօտալուտ ըլլալուն առնչութեամբ: Ըստ նոյն օրաթերթին, լիբանանեան կառավարական աղբիւրներ հաստատած են, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի գրաւ դրած է Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին վրայ: Բայց եւ այնպէս Միքաթի կառչած կը մնայ կառավարութիւնը ժողովի չհրաւիրելու իր կեցուածքին, որովհետեւ տարակարծութեան մթնոլորտին մէջ ժողովի հրաւէրը կրնայ հարցերը աւելի եւս բարդացնել:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը նշէ, թէ Հըզպալլա կը շարունակէ լուռ մնալ առաջադրուած ֆրանսական նախաձեռնութեան դիմաց:


