Ժոմպլաթ Կոչ Ուղղեց Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու` Անոր Բովանդակած Կոպիտ Սխալները Սրբագրելէ Ետք
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախելու որոշումը մեծ բաց մը պիտի ստեղծէ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ Սաատ Հարիրին փոխարինել: «Հարիրիի բացակայութեամբ Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ Սայտայի մէջ պառակտում պիտի ստեղծուի, որովհետեւ Հարիրի նախապէս արգիլած է դէպի ծայրայեղութիւն հոսքն ու քաղաքացիական պատերազմը», ըսաւ Ժոմպլաթ: Անդրադառնալով...




















