Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Երէկ Շարունակեց Քննարկել 2022-ի Պետական Ամավարկի Օրինագիծը

January 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը:

Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետը հաստատած է, որ ելեւմուտքի նախարարը պատրաստած է ամավարկը, սակայն իւրաքանչիւր նախարար կրնայ միջամտել եւ փոփոխութիւն առաջարկել, որովհետեւ անիկա կառավարութեան ամավարկն է:

Հալապի նշեց, որ նիստին ընթացքին ընդգծուած է, թէ այս ամավարկը Լիբանանի կառավարութեան ամավարկն է եւ անիկա ոչ մէկ կապ ունի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, որովհետեւ կառավարութեան համար առաջնահերթ է տուրքերու արդարութեան հաստատումը, որպէսզի քաղաքացիին բեռը աւելի չծանրանայ:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի շարունակէ պետական ամավարկի քննարկումը` աւելցնելով, որ ուրբաթ օր կառավարութիւնը նիստ մը պիտի չգումարէ:

Հալապի ընդգծեց, որ ելեւմուտքի նախարարը պահանջած է ջնջել թիւ 190-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի իրեն տրուած արտակարգ իրաւասութիւններուն, եւ որոշուեցաւ այդ իրաւասութիւնները վերագրել նախարարաց խորհուրդին:

Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը ծրագրէ 2022-ի պետական ամավարկին մէջ մէկ ամերիկեան տոլարին դիմաց նկատի ունենալ 10.083 լ. ոսկի` իբրեւ պաշտօնական սակ:

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզը
Կը Կատարէ Բողոքի Խորհրդանշական Աքթ Մը

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ ինքնաշարժներով, փոխադրակառքերով եւ սիթերռններով փակեց վարչապետարանի մուտքերը` հաւաքի կեդրոն ունենալով Սփիրզի խաչմերուկ – Պըրժ Մըրը, Ռինկի խաչմերուկը, Սթարքոյի խաչմերուկ – վարչապետարանի մուտք – Պէյրութի քաղաքապետարանը, Զոքաք էլ Պլաթի հրապարակ-վարչապետարանի մուտքը, «Նահար» օրաթերթի խաչմերուկը:

Այս շարժումը տեւեց միայն երկուքուկէս ժամ:

Նշենք, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան մեծ շարժումը տեղի պիտի ունենայ 2, 3 եւ 4 փետրուարին, անոր ընթացքին համադաշնակցութիւնը պիտի կատարէ ընդհանուր գործադուլ մը` Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի անդամալուծէ Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջանները:

Նախորդը

Սուրիոյ Վրայով Լիբանանին Յորդանանեան Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Յաջորդը

«Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Հետ Ամուսնալուծում Չկայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.