Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Հարիրիի Որոշումը Կը Նկատէ Ցաւալի, Իսկ Պահիա Հարիրի Եւ Սինիորա Կը Մնան Յանձնառու

January 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումը` քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախելու իմաստով,  տակաւին կը ստեղծէ հակազդեցութիւններու ալիք մը, որուն շրջագիծին մէջ հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ այդ որոշումը ցաւալի է, որովհետեւ Հարիրի մեծ ջանքեր ու ճիգեր ի գործ դրած է եւ Տար Ֆաթուայի հետ գործակցած լիբանանցիներուն ձգտումները իրականացնելու ու պետականաշինութեան աշխատանքին մէջ:

Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց իսլամական միասնականութիւնը ամրապնդելու, յատկապէս` Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Ան համագործակցութեան կոչ ուղղեց` դիմակալելու համար Լիբանանը հարուածող մարտահրաւէրները:

Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց, որ արաբ եղբայրներուն, յատկապէս Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին ու Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան հեզասահ` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է համոզուին, որ եղբայրական այս յարաբերութիւններուն պէտք չէ վնաս հասցնել, որովհետեւ անոր հետեւանքը կ՛ըլլայ վնասել լիբանանեան-արաբական շահերուն:

Երեսփոխան Պահիա Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան յանձնառու պիտի մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումին:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ նշեց հետեւեալը. «Եղբայրս` Սաատ, կը մնամ հետդ` հակառակ որոշումիդ, եւ կը մնամ հետդ` ի հեճուկս անոնց»:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումը արտաքին է եւ ոչ ինքնուրոյն: «Սպասեցէ՛ք նաեւ այլ չորսի անկումը` իւրաքանչիւրը իր ձեւով», ըսաւ ան:

Ուիամ Ուահապ իր գրառումին մէջ աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Որոշումը մեծ է, իսկ յաջորդ զարգացումները վախազդու են, սակայն Լիբանանի վերականգնումը հաստատ է` շատ դժուար երկունքէ մը ետք»:

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը երկու ամիս առաջ իբրեւ տեղեկութիւն սպրդած էր եւ անիկա որոշ կողմի մը պատուէրին ընդառաջումն է: «Կարեւորագոյնը այն է, որ այդ որոշումին ետին չըլլայ ծրագիր մը, որ Հարիրի անձամբ չէր կրցած հանդուրժել», ըսաւ Եաագուպ` աւելցնելով, որ Լիբանանի վարչակարգը իսկական վտանգի փուլ մուտք գործած է:

Նախորդը

Այսօր Առաւօտեան Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Պիտի Փակէ Վարչապետարանի Մուտքերը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.