Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ:
Համախմբումին նիստէն ետք Պասիլ մաղթեց, որ փարատին այն պայմանները, որոնք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին մղած են քաղաքական կեանքին մէջ իր մասնակցութիւնը առկախելու:
Պասիլ ընդգծեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ ստիպուած են համագործակցելու` խափանելու համար սադրանքներն ու ծայրայեղութիւնը:
«Համախմբումը անշեղ կը մնայ անիրաւուածին կողքին կանգնելու իր կեցուածքէն: Ինչ որ մենք մեր անձին համար չենք ընդունիր, ուրիշին համար ալ չենք ընդունիր, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը գտնենք, որ մեր բոլորին համար իսկական ներկայացուցչութիւն ապահովուի», ըսաւ ան:
Պասիլ յայտնեց, որ քուէյթեան յուշագիրը կ՛ընդգրկէ զգայուն խորագիրներ, որոնցմէ կարեւոր մէկ բաժինին շուրջ լիբանանցիները համաձայն են, սակայն կարգ մը կէտերու վերաբերեալ անոնք տարակարծիք են` նկատի ունենալով, որ անոնք կը պարփակեն այնպիսի հարցեր, որոնց քննարկման նպատակով հանրապետութեան նախագահը երկխօսութեան հրաւիրած էր լիբանանեան քաղաքական ուժերը:
Տնտեսական առումով Պասիլ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են այնպիսի ամավարկի մը, որ փրկութեան ուղեգիծեր կը բովանդակէ, սակայն ըստ երեւոյթին 2022-ի պետական ամավարկի նախագիծը այդ ուղղութիւնը չ՛արտացոլեր, ընդհակառակն` կայ ելեւմուտքի նախարարին արտակարգ իրաւասութիւններ շնորհելու հարցը, ինչպէս նաեւ կը խօսուի դրամատուները յանցաւոր չնկատելու մօտեցումին մասին, «իսկ մենք համոզուած ենք, որ վնասներուն պատասխանատուները պէտք է ըլլան սխալ քաղաքականութիւն վարողները եւ ոչ թէ դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող քաղաքացիները», հաստատեց ան:



