Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Խազենի Հետ Քննարկեց Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Լիբանան Այցելութեան Վերաբերող Հարցեր

January 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հետեւեցաւ Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկին հետեւանքներուն եւ այդ իմաստով ստացաւ ապահովական կառոյցներուն ու բանակին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական կառոյցներուն տեղեկագիրները:

Նախագահ Աուն ցուցմունքներ տուաւ խնդրոյ առարկայ պատասխանատուներուն` հոգատարութիւն ցուցաբերելու գիւղաքաղաքներուն մէջ ձիւնի պատճառով շրջափակուած քաղաքացիներուն եւ հասնելու անոնց օգնութեան, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու, որ երկրին մայր ճամբաները բաց մնան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազենը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փոլ Ռիչըրի Կալակերի Լիբանան կատարելիք այցելութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աունի այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, որ նախագահ Աունին ներկայացուց երկրին ապահովական իրավիճակը, Լիբանանէն դուրս թմրեցուցիչ մաքսանենգելու փորձերուն կասեցումը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նշենք նաեւ, որ նախագահ Աուն նախանցեալ գիշեր ստորագրեց թիւ 8728 հրամանագիրը, որուն հիման վրայ 1 փետրուար 2022-էն սկսեալ պետական ծախսերը պիտի կատարուին 12-ամսեայ տարազին հիման վրայ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ 2022-ի պետական ամավարկը վաւերացնել:

Նախագահ Աուն ստորագրեց նաեւ թիւ 8729 հրամանագիրը, որուն շրջագիծին մէջ արուեստից դպրոցներուն մէջ պայմանագիրի հիման վրայ դասաւանդող ուսուցիչներուն ժամական աշխատավարձի յաւելումներ պիտի կատարուին 2021-2022 կրթական տարեշրջանին համար:

Ան ստորագրեց նաեւ թիւ 8730 հրամանագիրը, որուն շրջագիծին մէջ պետական դպրոցներուն մէջ պայմանագիրի հիման վրայ դասաւանդող ուսուցիչներուն ժամական աշխատավարձի յաւելումներ պիտի կատարուին 2021-2022 կրթական տարեշրջանին համար:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կ՛ընդգծէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Չկրցաւ Ամերիկեան Եւ Մաքսատնային Տոլարի Փոխարժէքի Վերջնական Սակ Մը Ճշդել

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.