Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, երկկողմանի գործակցութիւնն ու քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը:
Յետմիջօրէին նախագահ Աուն ընդունեց Սուրիոյ ուժանիւթի նախարար Ղասսան Զամելը` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի եւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի:
Կը նախատեսուի, որ այսօր Լիբանան հասնի նաեւ Յորդանանի ուժանիւթի նախարար Հալա Զաուաթի: