Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը դատապարտէ որեւէ յարձակում, որ թիրախ կը դարձնէ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:
Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ Ռամիէ գիւղաքաղաքին մէջ պատահած միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացուած է` ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ աշխատանքը համադրելու կարեւորութիւնը` նման միջադէպեր կանխարգիլելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ներկայ իրավիճակն ու քաղաքական իրադարձութիւնները, որոնց ծիրին մէջ նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի պատրաստակամութիւնը` վերադառնալու հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն, ապահովելով Լիբանանի իրաւունքները:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան նիստերուն վերսկսումը երկրին գործադիր իշխանութեան աշխատանքը կը վերադարձնէ իր բնականոն ընթացքին` աւելցնելով, որ պետական ամավարկի վաւերացումը ելեւմտական համակարգը պիտի կանոնաւորէ եւ պիտի օժանդակէ Լիբանանի ու Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ սկսած բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին պիտի սերտուի կառավարութեան մշակած տնտեսական ապաքինումի ծրագիրը:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին` մայիսին, պիտի կայանան, աւելցնելով, որ անոնց կազմակերպման գումակային աշխատանքները ընթացքի մէջ են:
Քուէյթեան նախաձեռնութեան մասին Վրոնեցքայի հարցումին պատասխանելով` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան ողջունած է այդ նախաձեռնութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոր նպատակն է Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը վերահաստատել:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ շաբաթավերջին արտաքին գործոց նախարարը Լիբանանի պատասխանը պիտի ներկայացնէ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ պիտի գումարուի Քուէյթի մէջ:
Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին Վրոնեցքա նախագահ Աունին ներկայացուց ՄԱԿ-ի կեցուածքը` հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն վերաբերեալ: Ան նկատել տուաւ, որ Ապահովութեան խորհուրդը մարտ ամսուան ընթացքին պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ Լիբանանի իրավիճակին եւ զարգացումներուն մասին:
Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ Ռամիէի մէջ սովորական հսկողութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի շրջուն ջոկատի մը վրայ յարձակում գործուած է:
Թինընթի նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վարած ինքնաշարժին ուղին փակուած է, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերէն զինուոր մը վիրաւորուի:
Ճամբան փակողները քանդած են ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պատկանող երկու զինուորական փոխադրատար եւ գողցած կարգ մը սարքեր:
Թինընթի նշեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը կը գտնուէր դէպքին վայրը եւ կրցաւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շրջուն ջոկատը անձնական հողատարածքի վրայ չէր գտնուեր, այլ մայր ճամբուն վրայ եւ կ՛իրականացնէր իր սովորական հսկողութիւնը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի կայունութեան պաշտպանութեան շրջագիծին մէջ: «Թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց վստահուած աշխատանքային դաշտին մէջ ազատ երթեւեկի իրաւունք ունին եւ կրնան հսկողութիւն կատարել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Թինընթի հաստատեց, որ խաղաղութեան դատին ծառայող կիներուն ու տղամարդոց վրայ գործուող յարձակումները քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի` լիբանանեան եւ միջազգային օրէնքին համաձայն: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն հետաքննութիւն բանալու այս դէպքին մասին եւ պատասխանատուները դատավարութեան ենթարկելու:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ապահովութեան ուժերէն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ այս դէպքին շուրջ` հաստատելով, որ այս միջադէպը հարաւային Լիբանանի կայունութեան հսկող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքներուն դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:



