Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 9199 վարակուածներ եւ մահացած 16 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 22.700 լ. ոսկիի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 31 յունուար 2022-ին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 600 լ. ոսկիով, 98 օքթանը` 800 լ. ոսկիով, մազութի թիթեղը` 4000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 3300 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 354.600 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 365.800 լ. ոսկի, մազութը` 331.200 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 280.300 լ. ոսկի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Արեւմուտքէն Արեւելք Լիբանանի հետ չեն վարուիր իբրեւ պետութիւն, այլ` իբրեւ ղեկավարներու խմբաւորում մը, որ բաժնեկցած է երկիրը: «Ղեկավարը կը շարունակէ գոյատեւել, սակայն ժողովուրդը կը մահանայ, իսկ դուք պետութիւնը կը մեղադրէք անոր անկարողութեան համար», ըսաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կառավարութենէն պահանջեց արդար գտնուիլ` տրամադրուելիք ընկերային օժանդակութիւններուն առումով: Ապտալլա հաստատեց, որ պետական մարզը բաղկացնող տարբեր շերտերուն միջեւ կարելի չէ խտրութիւն դնել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները կ՛ուղղուին դէպի դրական մթնոլորտ եւ բախումնային չեն: Ան հաստատեց, որ Ռիատ պիտի վերադառնայ Դամասկոս, ուրկէ ան պիտի ուղղուի Պէյրութ եւ ոչ թէ հակառակը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական հեղինակութիւններ եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներ լրջօրէն կ՛աշխատին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգելու` նկատի ունենալով, որ ընտրութիւնները երկրին Ազգային ուխտին համաձայն պիտի չկատարուին, որովհետեւ անոնցմէ պիտի բացակայի Լիբանանը բաղկացնող հսկայ շերտ մը: Ան աւելցուց, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի նաեւ ապահովելու խորհրդարանին երկու երրորդը, եւ երկարաձգելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը:

Նախորդը

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Ընդառաջ

Յաջորդը

«Ոսկեբերան Արզումանեան Կրթական Ֆոնտ»-ը` Հայ Աշակերտի Կողքին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.