Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Վրայով Լիբանանին Յորդանանեան Ելեկտրականութիւն Տրամադրելու Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

January 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մէջ երէկ ստորագրուեցաւ Սուրիոյ վրայով յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Լիբանան հասցնելու վերաբերող համաձայնագիրը` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի եւ Սուրիոյ ու Յորդանանի ուժանիւթի նախարարներ Ղասսան Զամելի եւ Սալեհ Խարապշայի:

Այս առիթով Ֆայեատ յայտնեց, որ այս համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ Լիբանան 250 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք պիտի ապահովէ` գործակցութեամբ Յորդանանի եւ Սուրիոյ:

«Կը վստահինք արաբական այս համագործակցութեան քայլին եւ կը նպատակադրենք զայն ընդարձակել, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ գործակցիլ այլ արաբական երկիրներու հետ: Այն ինչ որ 6 ամիսէն կարելի պիտի ըլլար գործադրել, երկու ամիսէն իրագործուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ առկախ մնացած է միայն Միջազգային դրամատան կողմէ տրամադրուելիք ֆինանսաւորումը, որպէսզի այս համաձայնագիրը գործադրուի:

Ֆայեատ նշեց, որ Լիբանան կ՛աշխատի նաեւ եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու նպատակով համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Իր կարգին, Խարապշա յայտնեց, որ այս համաձայնագիրի ստորագրութեան պահը պատմական է, որովհետեւ այսպիսով արաբական երեք երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան կապն ու պատմական յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին:

«Մենք յանձնառու կը մնանք գործակցութեան` ապահովելով բոլորին շահերը: Արաբական երկիրներուն միջեւ ծաւալած որեւէ համագործակցութիւն կը ծառայէ բոլորի շահերուն, եւ կը յուսանք, որ այդ համաձայնագիրով Լիբանանի ելեկտրականութեան ծառայութիւնը կը բարելաւուի: Այս համաձայնագիրը առիթ կը ստեղծէ նաեւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցելու եւ զարգանալու», շեշտեց ան:

Զամել հաստատեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը պնդեց, որ այս համաձայնագիրը յաջողութեամբ ստորագրուի` աւելցնելով, որ Սուրիա իր խոստացած բոլոր աշխատանքները կատարեց ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:

«Այս քայլը միջարաբական համագործակցութեան նախաքայլ է, եւ անիկա պիտի ըլլայ բարիքի ներուժ եւ լաւ սկիզբ` բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւն ձեւաւորելու», ըսաւ ան:

Նշենք, որ համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութիւնը երկար տեւեց` ստորագրութեան  ընթացքին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին պատճառով:

Վարչապետարանին Մէջ

Նշենք, որ այս առիթով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սուրիոյ եւ Յորդանանի ուժանիւթի նախարարները` ներկայութեամբ Ֆայեատի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ողջունեց սուրիացի եւ յորդանանցի հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ եւ Յորդանանին` Լիբանանի համար կենսական նկատուող այս համաձայնագիրին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած գործակցութեան համար:

Վարչապետ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ այդ համաձայնագիրին գործադրութեամբ Լիբանանի ելեկտրականութեան հարցը կարելի կ՛ըլլայ լուծել:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար կացութեան ընթացքին այս քայլը գործնական ներդրում կը նկատուի` լուծելու համար երկրին կուտակուած հարցերը:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է գործակցելու նաեւ եգիպտական կազը Լիբանան փոխադրելու ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Ինչ Որ Մենք Մեր Անձին Համար Չենք Ընդունիր, Ուրիշին Համար Ալ Չենք Ընդունիր»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Երէկ Շարունակեց Քննարկել 2022-ի Պետական Ամավարկի Օրինագիծը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.