Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Քննարկումը Կը Շարունակէ Այսօր

January 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, կառավարութիւնը շաբաթ կէսօրէ առաջ, վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստի մը ընթացքին շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի դարձեալ այսօր` առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 2 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ նիստի ընթացքին նախարարաց խորհուրդը պետական ամավարկի թիւ 13 յօդուածին քննարկումը առկախեց: Թիւ 13 յօդուածը կը վերաբերէր ելեկտրականութեան մարզին առ հաշիւ գումար տրամադրելու:

Հալապի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի եւ նախարարաց խորհուրդը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատէն պահանջեցին արդարացուցիչ պատճառներ եւ մանրամասնութիւններ տրամադրել` ելեկտրականութեան մարզին համար պահանջուած առ հաշիւ գումարին գծով, որպէսզի քննարկումը աւելի ընդարձակ առումով շարունակուի, ինչպէս նաեւ քննարկուին բարեկարգումի կարելիութիւնները, ելեկտրական հոսանքի սակը ճշդելու եւ մսխումին վերջ տալու հեռանկարները:

Հալապի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը առկախեց նաեւ պետական ամավարկի թիւ 15 յօդուածին քննարկումը` ընդառաջելով ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարի պահանջին:

Հալապի նշեց, որ Հաժժար առաջարկ մը ունի ներկայացնելիք այդ յօդուածին քննարկումը շարունակելու կողքին:

Հալապի յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ քաղաքացիներուն բեռը չծանրացնելու` աւելցնելով, որ բոլոր մանրամասնութիւնները տակաւին քննարկումի առարկայ են, իսկ նոր տուրքեր չկան:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի շաբաթավերջին ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քուէյթի Մէջ. Լիբանանի Պատասխան Նամակը Դրական Ազդեցութիւն Կը Ձգէ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.