Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` ընկերակցութեամբ ամերիկեան դեսպանատան կցորդ` հազարապետ-զօրավար Ռապըրթ Մէյնի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնն ու զայն ամրապնդելու հեռանկարները:


