ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7105 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 21.900 լ. ոսկիի:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան յետաձգեց Լիբանան կատարելիք իր այցելութիւնը` Ուքրանիոյ եւ Պուրքինա Ֆասոյի թղթածրարներով զբաղած ըլլալուն պատճառով:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Պաղտատի միջազգային օդակայանին դէմ գործուած հրթիռարձակումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Իրաքի կառավարութեան ու ժողովուրդին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ իրենց պլոքը խորհրդարանէն պիտի չհրաժարի` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է համաձայն գտնուի քուէյթեան յուշագիրը գործադրելու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ յայտնեց, որ Պահաէտտին Հարիրի իր հաւատարիմներէն` նախ եղբօրմէն կ՛ակնկալէ, որ զօրակցին Լիբանանը փրկելու իր ջանքերուն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանանի յղուած յուշագիրին պատասխանելու իրաւասութիւնը նախարարաց խորհուրդին իրաւասութիւնն է: