Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց հատուցման քարտին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ շուրջ 500 հազար լիբանանցիներ արձանագրուած են հատուցման քարտի եւ «Աման» ծրագիրի յատուկ ե-հարթակին վրայ:
Ան շեշտեց, որ արձանագրութեան թուականը իր աւարտին կը հասնի երկուշաբթի, 31 յունուար 2022-ին:
«Ստուգումները կատարելէ ետք վճարումը պիտի սկսի կատարուիլ 1 մարտէն սկսեալ: Ամերիկեան տոլարով այդ վճարումը պիտի կատարուի ամէնէն աղքատ 150 հազար ընտանիքներուն», շեշտեց Հաժժար:



