Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Անգարա` ընդառաջելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրին:
Միքաթիին ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշի, զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսար, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին, երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ, Միքաթիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Պութրոս Ասաքեր, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ղասսան Մոալլեմ:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Էրտողանի հետ:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ աւելի ընդարձակ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան նաեւ լիբանանցի նախարարները իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ:
Ապա մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տագնապ մը, որ ամէն իմաստով աշխարհի վատագոյն տագնապն է` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի օժանդակութեան եւ զօրակցութեան:
Ան շեշտեց երկկողմանի յարաբերութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Էրտողան հաստատեց, որ Թուրքիա կը մնայ Լիբանանի կողքին եւ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս` տնտեսական, առողջապահական, ապահովական եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ: «Ունինք մեծ կարողութիւններ, որոնք կ՛ուզենք Լիբանանին տրամադրել», ըսաւ ան:
Էրտողան գնահատեց Միքաթիի կառավարութեան բարեկարգումի ջանքերը` աւելցնելով լիբանանեան-թրքական երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: