ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այսօր «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Մըր ընտանիքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ինթըրփոլի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Մըր, զաւակը` Միշել Մըր, Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին, երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքականութենէ եւ ընտրութիւններէ հեռու, նախ կ՛ողջունենք Էլիաս Մըրի, Միշելի եւ Միրնա Մըրի այցելութիւնը մեր կեդրոնին մէջ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին եւ Մըրի ընտանիքին միջեւ պատմութիւն կայ եւ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կան եւ ամուր են 1957-էն ի վեր:
«Այսինքն` մենք կը խօսինք 65 տարուան պատմութեան մասին, յատկապէս այսօր, երբ կը զուգադիպի նախկին փոխվարչապետ, երեսփոխան Միշել Մըրի մահուան Ա. տարելիցին: Հետեւաբար այս այցելութիւնը խորհրդանշական է, եւ ես կ՛ուզեմ շեշտել բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն զոյգ բառերուն վրայ` Միշել Մըրի եւ Մըր ընտանիքի հետ գործակցութիւն:
65 տարուան յարաբերութիւն մը, որ ամրապնդուած յարաբերութիւն կը խորհրդանշէ: Պատահած է, որ քանի մը անգամ այլ ճակատներու վրայ գտնուինք, սակայն 90-95 առ հարիւր միասին աշխատած են ու գործած», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին համար բարեկամութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան յարաբերութիւնները, այս պարագային` ՀՅԴ ընտանիքին եւ Մըր ընտանիքին միջեւ յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատարմութիւնը շատ աւելի կարեւոր են, քան` ժամանակաւոր համաձայնութիւնները կամ դաշինքները:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, այսօր մենք ունեցանք հանդիպում մը: Տեղեկատուութեան մարզը երեսփոխանական ընտրութիւններուն լայն անդրադարձ կը կատարէ, յատկապէս դաշինքներու իմաստով, սակայն այսօր մենք կը քննարկենք ընտրութիւններուն հարցը: Վստահաբար ընտրութիւններուն մասին կատարեցինք ընդհանուր քննարկում մը, մասնաւորաբար` Մեթնի շրջանին պարագան:
Ընդհանուր առմամբ կ՛ըսեմ նաեւ, որովհետեւ Էլիաս Մըր միայն լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւն մը չէ, այլ` ունի իր արտաքին յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով իր վարած պաշտօնը. ան ունի արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններ: Լիբանանի մէջ ունի իր քաղաքական կշիռը` կառավարութեան մէջ 15 տարի եւ շատ աւելի երկար ժամանական քաղաքական կեանքին մէջ:
Մենք քննարկեցինք առկայ հարցերը, ինչպէս նաեւ Մեթնի մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները: Եւ ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, ընտրական օրէնքը այնպիսի օրէնք մըն է, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն կը պարտադրէ, քաղաքականութենէ հեռու, հաշուարկներ կատարել եւ սերտել կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններու յաջողութիւնը ապահովելու կարելիութիւնը: Ընտրական օրէնքի բնոյթը քաղաքական բոլոր ուժերուն կը պարտադրէ հաշուել համեմատութիւնները, միջիններն ու դաշնակիցները», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը սերտէ բոլոր կարելիութիւնները, իր դաշնակիցներուն եւ քաղաքական այն ուժերուն հետ, որոնք նախապէս իր դաշնակիցները չեն եղած:
«Գաղտնիք չէ, որ մենք կը քննարկենք կարելիութիւնները բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ, յատկապէս անոնց, որոնք ներկայութիւն են ընտրական այն շրջաններուն մէջ, ուր մենք այլ ներկայ ենք, այսինքն` Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի մէջ», հաստատեց Յ. Բագրատունի, դարձեալ բարի գալուստ մաղթելով Մըր ընտանիքին:
Իր կարգին Էլիաս Մըր յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Մըր ընտանիքին միջեւ մտերմութեան եւ ամուր յարաբերութիւններուն մասին երեսփոխան Բագրատունիի յայտարարութեան վրայ դժուար թէ կարելի ըլլայ բան մը աւելցնել:
«Ես տասը տարեկան էի, երբ առաջին անգամ հօրս` Միշել Մըրի հետ, մուտք գործեցի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղի, եւ ինչպէս որ մեր տունը ՀՅԴ-ի տունը կը նկատուի, կը նկատեմ, որ ՀՅԴ կեդրոնատեղին ալ մեր տունն է: Եւ ինչպէս Յ. Բագրատունի ըսաւ, մենք մեր տունը կ՛այցելենք», յայտնեց ան:
Էլիաս Մըր նկատել տուաւ, որ 2018-ին սեւ ամպ մը անցած է, սակայն անիկա հարց մը չէ, որովհետեւ ընտրական հաշիւները այդպէս պարտադրած են:
«Այսօր ընտրական նոր օրէնքէն մենք սորված ենք, թէ ան կը պարտադրէ բոլորին ընտրական հաշուարկներ կատարել, որպէսզի բոլոր ուժերը փորձեն ներկայացուիլ խորհրդարանին մէջ: Մենք լերան զաւակներն ենք, իսկ ՀՅԴ-ն Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքին մէջ է: Մենք կ՛ապրինք աղքատութեան մը մէջ, որ Լիբանանը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին չէ ապրած», ըսաւ ան:
Էլիաս Մըր յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն խորհրդանիշը այս փուլին երեսփոխան դառնալը չէ, այլ դառնալ մարդ արարած մը, որ ծրագիր ունի` առաջին հերթին աղքատներուն օժանդակելու, իսկ երկրորդ հերթին` ընկերային հարցերը լուծելու, ըլլայ ան հայ համայնքը, ուղղափառ համայնքը, թէ մնացեալ բոլոր համայնքները:
«Ընտրական այս դաշինքին նպատակը այս կամ այն կուսակցութեան դիմադրել չէ, այլ` ժողովուրդին ծառայել, ինչպէս որ կը յանձնառարէ հանգուցեալ Միշել Մըրի կտակը: Այս դաշինքին մէջ մենք տակաւին կը գտնուինք ճամբուն սկիզբը, իսկ ՀՅԴ-ն իր կարգին ունի իր դաշինքները», նշեց Էլիաս Մըր:
Ան հաստատեց, որ ընտրական եւ ընտանեկան այս գործակցութիւնը պատմական է, եւ Մեթնի մէջ անոր նպատակն է օժանդակել ժողովուրդին, իսկ ո՛վ որ կը փափաքի մեզի միանալ` ընկերային եւ մարդասիրական այս պայքարին մէջ, ապա անիկա մեզի պատիւ է:
«Սկզբունքով Մըր ընտանիքին թեկնածուն Միշել Մըրն է, որովհետեւ մարդ արարածը իր ամէնէն թանկագինը` զաւակը կը ներկայացնէ, հայրենիքին ծառայութեան: Ան ձգտումներ ունեցող երիտասարդ է, որ կ՛ուզէ ապրիլ Լիբանանի մէջ, եւ չ՛ուզեր արտագաղթել: Ան կը փափաքի իր եւ իր զաւակներուն ապագան Լիբանանի մէջ կերտել, եւ իբրեւ այդպիսին կ՛ուզէ մասնակցիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն», շեշտեց ան:
Էլիաս Մըր նկատել տուաւ, որ իրենք ժողովուրդէն չեն հեռացած, սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակը պատճառ դարձած է, որ բոլորը իրարմէ հեռանան:
«Եթէ մենք այսօր քաղաքական ժառանգութեան կացութեան դիմաց ըլլայինք, ապա ես պէտք էր թեկնածութիւնս առաջադրէի: Քաղաքական ժառանգութիւն պիտի ըլլար, եթէ Միշել իր մեծհօր մահուընէ ետք անմիջապէս երեսփոխան նշանակուէր: Ժողովուրդը կ՛որոշէ, եթէ այս անհատը ատակ է եւ կարողութիւն ունի զինք ներկայացնելու: Այս պարագային քաղաքական ժառանգութեան մասին խօսողը բռնապետական կարգերով կ՛առաջնորդուի: Օրինակ` Ճորճ Պուշ հայրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ էր, ապա անոր զաւակն ալ նախագահ դարձաւ: Իբրեւ քաղաքական աւանդ ունեցող ընտանիք մեր նպատակն է յաջողիլ` ծառայելու համար ժողովուրդին», եզրափակեց ան: