Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կը Փափաքինք Ծոցի Երկիրներուն Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Սրբագրել, Սակայն Առանց Ներքին Լիբանանեան Հարցեր Ունենալու»

January 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ռաշա թուտէյ» ռուսական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կան շարք մը ներքին եւ արտաքին պայմաններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տուած որոշումին վրայ:

«Հարիրիէն պահանջուած էր քաղաքացիական պատերազմի սկսիլ, եւ որովհետեւ ան մերժեց այդ պահանջին ընդառաջել, ստիպուած դիմեց քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախելու որոշումին: Իսկ ներքին եւ արտաքին պահանջին ականատեսը եղանք Թայեունէի մէջ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Հարիրիի դէմ գործուած արարքին եւ արտաքին ճնշումներուն մէջ», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ արտաքին ճնշումները կրնան ներքին պայթում պատճառել եւ վերածուիլ «ո՞վ Հըզպալլայի զէնքին հետ է եւ ո՞վ անոր դէմ» տարազի: «Այս առումով Հարիրի երկուքին միջեւ էր», ըսաւ Պասիլ` հաստատելով, որ Լիբանան ոչ մէկ առանցքի կրնայ մաս կազմել:

Պասիլ ընդգծեց, որ ցաւալի է Հարիրին ստիպել, որ քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախէ, «եւ այդ որոշումը երկիրը կը մղէ յաւելեալ ծայրայեղութեան: Հետեւաբար մենք` իբրեւ լիբանանցիներ,  պէտք է այդ լարուածութիւնը դարմանենք ըմբռնումով եւ արտօնելով, որ սիւննի համայնքը ինք որոշէ իր ներկայացուցիչը` առանց անոր վրայ ճնշում բանեցնելու: Ինչպէս շիի եւ քրիստոնեայ համայնքները, սիւննի համայնքը իր կարգին ունի հոգեւոր պետ ու հեղինակութիւններ, որոնք կրնան որոշել, թէ զիրենք ո՛վ պիտի ներկայացնէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին», յայտնեց ան:

Պասիլ աւելցուց, որ 1992-ին քրիստոնեայ համայնքը պոյքոթի ենթարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը, եւ ոչ ոք նկատի առաւ զայն: «Ընտրութիւնները պէտք չէ պոյքոթի ենթարկել, եւ եթէ այդպէս պատահի, ապա պէտք է լուծել այդ հարցը, եւ ասիկա չի նշանակեր երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել: Երեսփոխանական ընտրութիւնները արդէն յստակ կերպով ճշդուած են, եւ ասիկա հոլովոյթ մըն է, որ պէտք է կատարել, իսկ ընտրութիւնները մեծ փոփոխութիւն պիտի չյառաջացնեն», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով 2022-ի պետական ամավարկին` Պասիլ շեշտեց, որ անիկա պէտք է ըլլայ տնտեսական ապաքինումի մէկ մասը, որ կրնայ իրականացնել պահանջուած բարեկարգումները:

«Այս ամավարկը թուային է եւ ներկայ իրավիճակը չ՛արտացոլեր, հետեւաբար կառավարութիւնն ու խորհրդարանը պէտք է բարեփոխումներու ենթարկեն զայն, որպէսզի անոնք ներկայ իրավիճակին աւելի նմանին», յայտնեց ան:

Պասիլ շեշտեց, որ պետական ամավարկը պէտք է լուծէ երկրին ելեւմտական վնասներն ու ճշդէ ամերիկեան տոլարի սակը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաշուետուութեան ենթարկել բոլոր անոնք, որոնք փախուստ տուած են եւ տնտեսական ներկայ կացութիւնը օգտագործած են` լիբանանցիներուն պատճառելով այս ծանր տագնապը:

Լիբանանին յանձնուած քուէյթեան յուշագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ յայտնեց, որ անիկա Ծոցի երկիրներուն նախաձեռնութիւնն է, որ

կը բովանդակէ կէտեր, որոնց շուրջ լիբանանեան համախոհութիւն կայ, այլ կէտեր, որոնց գործադրութիւնը ժամանակի կը կարօտի, ինչպէս նաեւ կէտեր, որոնց շուրջ տարակարծութիւն կայ եւ այդ մասին լիբանանեան երկխօսութեան կարիք կայ: «Կոչ կ՛ուղղեմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին այդ յուշագիրը քննարկելու նպատակով երկխօսութեան հրաւիրելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները սրբագրել, սակայն առանց ներքին լիբանանեան հարցեր ունենալու:

Պասիլ նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան սկսած է` բարելաւելու համար Մար Մխայէլի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը:

Պասիլ յայտնեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը 17 հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր Քեփիթըլ քոնթրոլ կը պահանջէ` աւելցնելով, որ օրին ոչ ոք նեցուկ կանգնած է իրենց, «իսկ անոնք, որոնք իրենց գումարները դէպի օտար երկիրներ փոխանցած են, հիմա զարթնած են իրենց խոր քունէն, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլորին այսօր իսկ վաւերացնելու Քեփիթըլ քոնթրոլը, որովհետեւ անոր շնորհիւ է, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները պիտի ստանան իրենց գումարները», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Պահաէտտին Հարիրի. «Նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի Ուղին Պիտի Շարունակեմ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հաժժարի Հետ Քննարկեց Հատուցման Քարտին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.