Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Քուէյթի Իշխանին Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահելու Միջլիբանանեան Երկխօսութեան

Փետրուար 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան կարգ մը օրաթերթեր, ինչպէս` «Ախպար» եւ «Շարք Աուսաթ», անդրադարձած են Լիբանանի կողմէ Քուէյթի յանձնուած զոյգ նամակներուն, որոնցմէ առաջինը հանրապետութեան նախագահ Աունի կողմէ յղուած էր Քուէյթի իշխան Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահի, իսկ երկրորդը` պատասխան էր Լիբանանին յղուած քուէյթեան յուշագիրին:

Առաջին նամակով նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնած էր Քուէյթի իշխանին` Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար, հաստատած էր, որ Քուէյթ մնայուն նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին, ինչպէս նաեւ յատուկ յարաբերութիւններ ունի հանրապետութեան նախագահին հետ:

Նախագահ Աուն կատարեալ պատրաստակամութիւն յայտնած էր գործակցելու եւ երկխօսութիւն կատարելու` իրականացնելու համար Ծոցի երկիրներուն հետ փոխըմբռնումը վերականգնելու լիբանանեան շահերը:

Ան վերահաստատած էր, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ յարգելու եւ գործադրելու Արաբական լիկայի որոշումները, ինչպէս նաեւ հրաւիրած էր Քուէյթի իշխանը` այցելելու Լիբանան եւ ուղղակի դերակատարութիւն ունենալու հարցերու լուծման մէջ:

Լիբանանի պատրաստած երկրորդ նամակը, որ քուէյթեան յուշագիրին պատասխանն էր, դրական մօտեցում կը ցուցաբերէր այդ պահանջները գործադրելու, ինչպէս նաեւ հաստատում կար, թէ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրն ու միջազգային բանաձեւերը գործադրելու:

Լիբանանեան կողմը պահանջած էր Լիբանան-Ծոցի երկիրներ քաղաքական եւ ապահովական համակարգումի յատուկ խորհուրդի մը կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն վերահաստատումը:

Լիբանան պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծումին անուղղակի բանակցութիւններուն վերսկսելու:

Նոյն օրաթերթերուն համաձայն, Լիբանան խոստում ստացած է Քուէյթէն` Ծոցի երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգերը շարունակելու:

Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով Քուէյթի արտաքին գործոց փոխնախարար Մեժտի Զաֆիրիի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Մոսկուա բարձր կը գնահատէ Լիբանանի հարցերը լուծելու իմաստով Քուէյթի ի գործ դրած ջանքերը:

Պու Հապիպ – Թրաֆ Հանդիպում

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Պու Հապիպի Քուէյթ այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ քուէյթեան «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արաբ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով Լիբանան իր գրաւը դրած է քուէյթեան նախաձեռնութեան վրայ` աւելցնելով, որ Քուէյթի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները պատմական են ու եղբայրական:

Հըզպալլայի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանցիները մէկ բանակ կ՛ուզեն ունենալ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի բռնագրաւումը պարտադրած է, որ ան ունենայ Դիմադրութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ միջազգային կարգ մը բանաձեւեր կարելի չէ անմիջապէս գործադրել, որովհետեւ նախքան անոնց գործադրութիւնը, երկիրները ներքին երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան կարիք կ՛ունենան:

 

 

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Մաս Կազմող Հայ Խաղաղապահները Պարգեւատրուած Են

Յաջորդը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւն. «Այսօրուան Գործադուլը Ուժի Մէջ Է»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?