ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 486 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.475 լ. ոսկիի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց քաղաքական ախորժակները հեռու պահելու կրթութեան մարզէն: Ռայի պատրիարքը չէզոքութեան անունով կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է յարգեն լիբանանցի ժողովուրդը եւ վերջ տան անոր շահագործումին եւ ստրկացումին:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ճորճ Պուչիքեանի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նախարարութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գրաւած է 7300 կալոն բուսական ձէթ, որ պատրաստուած էր Լիբանանէն դուրս արտածուելու: Նախարարին որոշումով այդ ձէթին արտածումը կասեցուած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք իրենց ընտրանքին դիմած են եւ Դիմադրութեան կառչած պիտի մնան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ 8 մարտի քաղաքական ուժերը կ՛աշխատին 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին խորհրդարանի երկու երրորդը ապահովելու ծրագիրին համաձայն: Այս իրականութիւնը կ՛արտօնէ, որ անոնք իրենց թեկնածուն հասցնեն հանրապետութեան նախագահութեան եւ հակակշռեն սահմանադրական ու քաղաքական համակարգի փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան զէնքը վերածեն սահմանադրական ճշմարտութեան մը, «ինչ որ պիտի մերժուի լիբանանցիներուն կողմէ», ըսաւ ան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը Հըզպալլան երկիւղի կը մատնէ, իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ հաշուետուութեան` փոփոխութիւնը իրականացնելու իբրեւ միջոց:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ապազինելու պահանջ ներկայացնող ուժերը կը ծառայեն Իսրայէլին, իսկ լիբանանեան պետութիւնը Դիմադրութիւնը զետեղած է մեր հանգամանքէն աւելի վեր տագնապներու դիմաց:


