Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 632 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.450 լ. ոսկիի:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան այսօր պիտի այցելէ Լիբանան:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյր Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն եւ Մոհամետ պըն Սալման գահաժառանգ իշխանէն խնդրեց վերստանձնել Լիբանանի մէջ իրենց պատմական դերակատարութիւնը եւ օժանդակել Լիբանանին` դարձեալ զայն գրկելով եւ փրկելով զայն իր դիմագրաւած ողբերգական տագնապներէն, որոնք կը սպառնան երկրին գոյութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի 14 մարտի յիշատակին առիթով ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «14 մարտ 2005. Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն նահատակութիւնը կը մղէ, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ ժողովրդային մեծագոյն ցոյցը կատարուի: Լիբանանցի ժողովուրդը կոտրեց հոգատարութեան կապանքները եւ յաղթանակ արձանագրեց` իր ազգային միասնականութեան համար: Պիտի չմոռնա՛նք»:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութեան դէմ արշաւներ կազմակերպող ուժերը կը փորձեն ապահովել խորհրդարանական մեծամասնութիւն մը, որպէսզի կարենան աւելի ուշ ընտրել երկրին մէջ ամերիկեան քաղաքականութիւն գործադրող հանրապետութեան նախագահ մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի յայտնեց, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումին եւ այդ պատճառով ալ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ կառավարութիւնն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է արտակարգ վիճակ յայտարարեն` սննդեղէն, դեղորայք եւ ուժանիւթ ապահովելու համար:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին, այս կառավարութիւնը որոշած է ելեկտրականութեան թղթածրարը շուքի տակ ձգել, «սակայն կը պնդէ Սըլաաթայի ելեկտրական ընկերութիւնը բանալու վրայ», աւելցուց ան:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցին` թեկնածութիւն առաջադրելու եւ քուէարկութեան մասնակցելու առումով:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը.

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները կ՛երերան, իսկ ամերիկացիները չեն արտօնած, որ կազն ու ելեկտրականութիւնը Եգիպտոսէն եւ Յորդանանէն Լիբանան հասնին: Կ՛ապրինք սղաճին, տոլարին եւ ապրուստի տագնապին ճնշումներուն ներքեւ, եւ այս բոլորը գրաւի դրուած են թշնամիին հետ ծովային սահմանագծում կատարելու հոլովոյթին դիմաց: Եթէ սահմանագծումը խոչընդոտուի, եւ ըստ երեւոյթին այդպէս է, ապա` ո՛չ ընտրութիւններ, այլ` յաւելեալ սղաճ եւ ամերիկեան տոլարի սակի թռիչք … ցաւ ի սիրտ»:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, Պետական հաշուեքննիչ դիւանէն պահանջած են ամբողջական տեղեկագիր մը, որ կը վերաբերի հաշուեքննութեան հոլովոյթին: Ան աւելցուց, որ հաշուեքննութեան բացակայութիւնը կ՛արգելակէ պետական ամավարկի վաւերացումը: Քանաան հաստատեց, որ յանձնախումբը որոշեց առողջապահութեան նախարարութեան յաւելեալ պիւտճէ յատկացնել:

 

 

 

Նախորդը

Շնորհաւոր 95-ամեայ Տարեդարձ

Յաջորդը

«Կրեթթա»-ն Այսօր Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ` Հնչեցնելով Ձիւնի Երգը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.