Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած «Դիւանագիտութեան վերականգնում» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար եւ լիբանանեան-թրքական միացեալ յանձնախումբի նախագահ Սիւլէյման Սոյլուի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տարբեր մարզերուն, յատկապէս` տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Սալամ եւ Սոյլու քննարկեցին նաեւ շրջանային զարգացումներն ու անոնց ունեցած հետեւանքները` միջինարեւելեան երկիրներուն վրայ:
Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած սննդեղէնի ապահովութեան հարցը` Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին հետեւանքով:
Սոյլու Թուրքիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Սալամին մասնաւորապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ արտակարգ պայմանները:
Ան հաստատեց, որ Թուրքիա Լիբանանին պիտի յատկացնէ հինգ հարիւր հազար թոն սննդեղէն, ներառեալ երեխաներուն յատուկ կաթ, ալիւր, շաքար, ընդեղէն եւ արեւածաղիկի ձէթ:
Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` Լիբանանի նկատմամբ անոր զօրակցութեան համար:
Հանդիպումին աւարտին նախարարները յայտնեցին, որ իրենց միջեւ յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ մօտալուտ եւ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ նոյն խորհրդաժողովին ընթացքին շեշտեց, որ եթէ Միջին Արեւելքի մէջ գործադրուին ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած բոլոր բանաձեւերը, որոնք կը վերաբերին այդ շրջանին, ապա Միջին Արեւելքի հարցերը պիտի լուծուին:
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան առանձին ձգուած է` ելեւմտական իր տագնապը դիմագրաւելու իմաստով: Ան աւելցուց սակայն, որ Լիբանանին օժանդակելու միակ նախաձեռնողը եղած է Իրաքը, որ Պէյրութին նաւթ տրամադրած է:


