Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կէսօրին Մեհրապի մէջ յայտարարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընտրարշաւին մեկնարկը` «Մենք կ՛ուզենք, մենք կարող ենք» կարգախօսով:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց մղած պայքարը գոյութենական պայքար է, «կա՛մ այն է, որ Լիբանանի մնացորդացը կը պահպանենք եւ մեր կորսնցուցածը կը վերականգնենք, կա՛մ այն է, որ Լիբանանի վերացման վկաները կը դառնանք»:
Ան նկատել տուաւ, որ ոմանք կրնան պետութիւն կերտել, սակայն չեն փափաքիր ատիկա կատարել, իսկ ոմանք կը փափաքին պետութիւն կերտել, սակայն կարող չեն: «Այս բոլորին միջեւ Լիբանանեան ուժերը կը հաստատեն, որ իրենք կ՛ուզեն եւ կարող են պետութիւն կերտել: Կը փափաքինք, որ 15 մայիսին նոր Լիբանանը ծնունդ առնէ, եւ մենք կարող ենք նոր Լիբանանը ստեղծել», շեշտեց ան:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին 15 մայիսը վերածելու ընտրական Մարտ 14-ի մը` ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան իմաստով:
Ժահժահ յայտնեց, որ 15 մայիսը կարելի է վերածել նաեւ 17 հոկտեմբերի մը` փտածութեան, մսխումին եւ վարչական աշխատանքի քաղաքականացման դէմ իբրեւ յեղափոխութիւն:


