Հարաւային Լիբանանի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայկական Զօրամասի Կին Զինուորականները Պարգեւատրուեցան
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը Կիներու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպեց պարգեւատրման ձեռնարկ մը: Այս առիթով, խաղաղապահ առաքելութեան մէջ ընդգրկուած հայկական զօրամասի կին զինուորականները ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարութեան կողմէ բարձր գնահատականի արժանացան եւ պատուոյ գիր ստացան` իրենց բարեխիղճ ծառայութեան համար:



















