Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ընտրացանկերու Առումով Համագործակցութիւնը Ծրագիրներու Համագործակցութիւն Չի Նշանակեր, Այլ` Քուէներու Միաձուլում Է»

March 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կուսակցութեան Է. տարեկան խորհրդաժողովին առիթով կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը 15 տարի տոկացած է` ազատագրումը իրականացնելու համար:

Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց յաւելեալ տարիներ եւս տոկալու` իրականացնելու համար ազատագրումը: «Մի՛ վախնաք, կը տոկանք եւ կը յաղթենք, իսկ սուտին կեանքը երկարատեւ չէ», ըսաւ ան:

Պասիլ կոչ ուղղեց տեսնելու 14 մարտ 2005-ի սուտը եւ անոր տապալման հոլովոյթը` նկատել տալով, որ 1989-ի «իսկական 14 մարտ»-էն 33 տարիներ ետք 14 մարտը կը մնայ ու կը շարունակէ, մինչդեռ կեղծ Մարտ 14-ը ձախողած է, որովհետեւ սուտի վրայ հիմնուած է: «Մենք, որ իսկական յեղափոխութիւնն ենք, կը մնանք ու կը գոյատեւենք, իսկ սուտ յեղափոխութիւնը կը ձախողի», աւելցուց ան:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանանի մէջ կայ հսկայ կուսակցութիւն մը, որ փտածութեան կուսակցութիւնն է եւ մողէսի նման գոյն կը փոխէ: «Հոգատարութեան ժամանակաշրջանին, անիկա օգտուած է հոգատարութեան բարիքներէն, ապա փոխած է իր կաշին ու միացած ազատութեան հոսանքին: Այս գունափոխուող էակները աւելի ուշ մերժեցին հրաժարիլ իրենց շահերէն եւ ձախողեցուցին բարեկարգումը, եւ պատճառեցին 17 հոկտեմբերի փլուզումը, որմէ ետք անոնք վերադարձան ու փոխեցին իրենց կաշին ու իրենք զիրենք կոչեցին յեղափոխութիւն», յայտնեց ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ անոնք 2005-էն սկսեալ Ազգային ազատ հոսանքին դէմ քաղաքական սպանութեան արշաւ մը կազմակերպեցին, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն չզարմանալու, որովհետեւ ոճրագործը, նոյնիսկ երբ ան իր մարմինով բանտէն դուրս գայ, իր միտքով բանտարկուած կը մնայ եւ կը փափաքի սպաննել: «Հետեւաբար, եթէ ան մարմինը սպաննելու հովանաւորութիւն չունի, քաղաքական մակարդակով կը սպաննէ, որովհետեւ կարեւորը սպաննելն է», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ թշնամիին դէմ յաղթանակը միայն զէնքով չ՛ըլլար` ընդգծելով, որ ինք համաձայն է ծովային սահմանագծումի հարցը լուծելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող կազը պահպանել: «Այս բոլորը կը հաստատեմ, առանց իմ դէմս հաստատուած պատժամիջոցները ջնջուելու ակնկալութեան: Այդ պատժամիջոցները պիտի չվերանան, այնքան ատեն որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կան», հաստատեց ան:

Պասիլ հաստատեց, որ ընտրացանկերու առումով համագործակցութիւնը ծրագիրներու համագործակցութիւն չի նշանակեր, այլ` քուէներու միաձուլում է: «Ուրեմն` ընտրական դաշինքներ կը գոյացնենք, սակայն քաղաքականօրէն կը մնանք ազատ: Չենք հրաժարիր մեր դատէն եւ փտածութեան ու այս կամ այն կողմին հետեւորդը դառնալու մէջ չենք մխրճուիր», եզրափակեց ան:

Իր խօսքին աւարտին Պասիլ յայտարարեց 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածուները, որոնք, ըստ ընտրաշրջաններու, հետեւեալներն են.

Ասաատ Տըրղամ եւ Ճիմի Ժապպուր (Աքքար), Ժորժ Աթալլա (Քուրա), Փիեռ Ռաֆֆուլ (Զղարթա), Սիմոն Ապի Ռամիա (Ժիպէյլ), Ժըպրան Պասիլ (Պաթրուն), Նատա Պուսթանի (Քեսրուան), Էտի Մաալուֆ, Իպրահիմ Քանաան եւ Էլիաս Պու Սաապ (Մեթն), Ալեն Աուն (Պաապտա), Սեզար Ապի Խալիլ (Ալէյ), Ղասսան Աթալլա (Շուֆ), Նիքոլա Սահնաուի (Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան), Սելիմ Խուրի, Ամալ Ապու Զէյտ եւ Զիատ Ասուատ (Ժեզզին), Սելիմ Աուն (Զահլէ), Էտկար Թրապուլսի (Պէյրութի Բ. ընտրաշրջան), Շարպել Մարուն (Արեւմտեան Պեքաա), իսկ Հիւսիսային Պեքաայի յոյն կաթողիկէ թեկնածուն տակաւին չէ ճշդուած:

 

 

Նախորդը

Սալամ Եւ Պու Հապիպ Մասնակցեցան Անթալիոյ Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Ռաատ. «Միացեալ Նահանգներ Տնտեսական Իրենց Խստագոյն Ճնշումը Կը Բանեցնեն Լիբանանի Վրայ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.