Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Ապահովական Խորհուրդին Ներկայացուելիք Տեղեկագիրին Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

March 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց 17 մարտ 2022-ին Ապահովութեան խորհուրդին գումարելիք ժողովը, որ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ ՄԱԿ այս փուլին աշխուժացնէ իր շարժումները` Լիբանանին զօրակցելու համար, որովհետեւ երկիրը իսկապէս դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ:

Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը լաւապէս կը քննէ:

Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է այդ ժողովին ընթացքին թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ Լիբանանի օժանդակութեան միջոցներուն մասին իր ներկայացնելիք տեղեկագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Միքաթի Կը Հովանաւորէ Փոխադրութեան Մարզին Վերաբերեալ Լիբանանեան–Ֆրանսական Համաձայնագիրի Ստորագրութիւնը

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց փոխադրութեան մարզին վերաբերեալ լիբանանեան-ֆրանսական համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Ալի Համիէ եւ Ֆրանսայի փոխադրութեան նախարար Ժան Պաթիսթ Ճեպարի երէկ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն լոյսին տակ Ֆրանսա Լիբանանին նուիրեց 50 հանրակառքեր:

Այս առիթով Միքաթի շեշտեց, որ Ֆրանսա միշտ կը հասնի Լիբանանի օժանդակութեան, երբ ան տագնապալի վիճակի մէջ ըլլայ եւ զօրակցութեան կարիք զգայ` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի այս կեցուածքը գնահատելի է բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ:

Միքաթի դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` Լիբանանին նեցուկ կանգնելու եւ անոր բարգաւաճումին անհրաժեշտութիւնը վերահաստատելու առումով:

Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ճեպարի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի ընկերակցութեամբ պիտի այցելէ Պէյրութի նաւահանգիստ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Համիէին` բացառիկ խորհրդակցութիւններուն եւ քննարկումներուն համար:

Ան աւելցուց նաեւ, որ իրենք քննարկած են Պէյրութի միջազգային օդակայանին իրավիճակը` աւելցնելով, որ ֆրանսական պատուիրակութեան պարտականութիւնն է այցելել նաեւ օդակայան` ստուգելու համար օդակայանին մէջ որդեգրուած չափանիշներն ու անձնակազմին գործելաձեւին վերաբերող հարցեր:

Համիէ յայտնեց, որ Ֆրանսա փոխադրութեան մարզին վերաբերեալ իր ամբողջ կարողութիւնը Լիբանանի տրամադրութեան տակ կը դնէ` աւելցնելով, որ ան պատրաստ է նաեւ ֆրանսական փորձառութիւնը կիսել Լիբանանի հետ` քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը պաշտպանելու նպատակով:

Համիէ յայտնեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները կը փափաքին նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին գործունէութիւնը աշխուժացնելու իմաստով գործակցիլ Լիբանանի հետ` նշելով, որ նաւահանգիստին աշխատանքը վերաշխուժացնելով կարելի պիտի ըլլայ երկրին համար յաւելեալ ներդրումներ ապահովել եւ ծառայութիւնները բարելաւել:

Համիէ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ նախագահ Մաքրոնին` միշտ Լիբանանին նեցուկ կանգնելնուն համար:

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայկական Զօրամասի Կին Զինուորականները Պարգեւատրուեցան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արդարութեան Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.