Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Յաւելեալ Ուժգնութեամբ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

March 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ արձանագրուած որոշ շարժին, ինչպէս նաեւ թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտի աւարտին մօտենալուն, երկրին մէջ տակաւին ընտրական մթնոլորտ գոյութիւն չունի:

Ճիշդ է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին պիտի հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը, Այն Թինէի մէջ, սակայն լիբանանցին զբաղած է ալիւր, ձէթ եւ սննդեղէնի այլ պաշարներ, ինչպէս նաեւ դեղորայք ապահովելով, որպէսզի շարունակէ ապահովել իր գոյութիւնը:

Միւս կողմէ, ձմեռը եղաւ երկարատեւ ու երկարաշունչ: Հակառակ անոր որ շաբաթ մը ետք գարուն է, սակայն Լիբանան տակաւին ենթակայ կը մնայ ցուրտի ալիքի մը, որ կը թուի ամէնէն խիստը ըլլալ:

Անցեալ հինգշաբթի յետմիջօրէէն սկսեալ Լիբանանը հարուածող «Կրեթթա» ցուրտի ալիքը կը շարունակէ յաւելեալ ուժգնութեամբ հարուածել Լիբանանը` ամէն ինչ ենթակայ դարձնելով իր սպիտակ սփռոցին:

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ առատ ձիւնը պիտի շարունակէ տեղալ լեռներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ:

Երեքշաբթի գիշեր ձիւն պիտի տեղայ ծովու մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ:

Կը նախատեսուի, որ մայրաքաղաքին մէջ տեղատարափ անձրեւները շարունակուին, իսկ լեռնային շրջանները ենթակայ ըլլան մշուշի, իսկ ճամբաները` սառոյցի:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան աշխատաւորական անձնակազմերը ամբողջ շաբաթավերջին աշխատեցան մաքրել ձիւնը` վերաբանալու համար ճամբաները:

Անոնք կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն խուսափելու լեռնային ճամբաներէն` նկատի ունենալով ճամբուն վրայ գոյացած սառոյցն ու սահանքի վտանգները:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ ցաւ յայտնեց, որ դժբախտաբար Տահըր Պայտար կը հասնին ինքնաշարժներ, որոնք իրենց անիւներուն պողպատեայ շղթաներ չեն անցուցած:

Ան հաստատեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը պետութեան մէկ մասնիկն է եւ ոչ թէ ամբողջ պետութիւնը:

Համիէ շեշտեց, որ ցուրտի ալիքը նուազագոյնը յառաջիկայ երեք օրերուն եւս պիտի շարունակուի, եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն` համագործակցելու:

Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ ցուրտի ալիքի սաստկացումին լոյսին տակ, նախարարութիւնը դպրոցներու տնօրէններուն հայեցողութեան կը ձգէ դպրոցները երկուշաբթի, 14 մարտին, բանալու կամ փակ պահելու որոշումը:

Նախորդը

Ռաատ. «Միացեալ Նահանգներ Տնտեսական Իրենց Խստագոյն Ճնշումը Կը Բանեցնեն Լիբանանի Վրայ»

Յաջորդը

Պայրամով. «Ազրպէյճան Հայաստանին Յարաբերութիւններու Կարգաւորման 5 Կէտերէ Բաղկացած Առաջարկ Ներկայացուցած Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.