Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «Սալամէի Բանտարկութիւնը Դրամատուներուն Մէջ Գումարներ Կորսնցուցած Քաղաքացիներուն Հարցը Չի Լուծեր»

March 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ճարտարապետներու գրասենեակի անդամներուն հետ` հաստատելով, որ ինք յոռետես չէ, եւ անպայման պէտք է յանգիլ համաձայնութեան մը, որ կ’արտօնէ երկրին պահպանումն ու զարգացումը:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ճարտարապետներու մարզը հիմնական է` ծրագիրներ ներկայացնելու իմաստով: «Լիբանան տակաւին իր տարածութենէն 40 առ հարիւրը ունի, եւ անոր կողմէ օրէնքներն ու արդիւնաբերական մարզերուն միախառնումը կարեւոր են` երկրին միլիոնաւոր տոլարներ ապահովելու համար», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ այդ տարածութիւններուն մէջ ներդրումներ կրնան կատարել անոնք, որոնք դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունին:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ դրամատուներու մարզը բարեկարգելու համար պէտք է անկեղծ ըլլալ ժողովուրդին հետ եւ յանգիլ այնպիսի ծրագիրի մը, որ այդ մարզը չի ջնջեր եւ երկրին փլուզումը չ’արտօներ:

Այս շրջագիծին մէջ Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի բանտարկութիւնը կրնայ ոմանց սիրտը պաղեցնել, բայց դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունեցող եւ գումարներ կորսնցուցած քաղաքացիներուն հարցը չի լուծեր:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Սուրիոյ եւ նախագահ Պաշշար Ասատի, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան հետ իրենց յարաբերութիւնները լաւ են, իսկ ուղեգիծը` յստակ: «Մեր իւրայատկութիւնը այն է, որ մենք կարողութիւն ունինք բոլորին հետ գործակցելու, խօսելու` պահպանելով մեր սկզբունքներն ու քաղաքական կեցուուածքները», շեշտեց ան:

Ֆրենժիէ նկատել տուաւ, որ աշխարհի վրայ արձանագրուած յեղափոխութիւնները իսկական, առարկայական եւ էական պատճառներ ունին, «սակայն այդ յեղափոխութիւնները ծրագրող, ֆինանսաւորող եւ ոգեւորող ուժերուն նպատակը միշտ ալ այն չէ, ինչ որ ժողովուրդը կը պահանջէ: Այս իմաստով ամէնէն խօսունը Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններն են», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ան ընդգծեց, որ ինք լաւատես է ապագայով` շեշտելով, որ այդ լաւատեսութիւնը կը փափաքի, որ վերագրուի նաեւ Լիբանանին, որպէսզի երկրին տնտեսութիւնը, արդարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը գոյատեւեն:

 

 

–

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Ուժգին Կերպով Կը Հարուածէ Լիբանանը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.