Լիբանանեան

Կապ Մը Արաբական Հացին Սակը  Կրնայ Հասնիլ 25.000 Լ. Ոսկիի

Կապ Մը Արաբական Հացին Սակը Կրնայ Հասնիլ 25.000 Լ. Ոսկիի

Ալրաղացներու միութեան նախագահ Ահմետ Հըթէյթ երէկ յայտնեց, որ արաբական հացին սակը զգալիօրէն չէ սղած, որովհետեւ Լիբանան կրցած է ցորեն ապահովել Ռումանիայէն եւ աւելի մօտ երկիրներէ, «սակայն աւելի հեռու երկիրներէ ցորեն ապահովելու պարագային հացին սակը պիտի սղի», ըսաւ ան: Հըթէյթ յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ Լիբանան պիտի հասնին նաւեր, որոնք աւելի հեռու երկիրներէ կու գան, եւ հացին սակը ինքնաբերաբար պիտի սղի:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 364 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 24.400 լ. ոսկիի: ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, շաբաթ, 2 ապրիլ 2022-ը կը զուգադիպի ռամատան ամսուան առաջին օրուան: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ ինք յառաջիկայ շաբթուան կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի արծարծէ Լիբանանի մէջ...

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր.   Վարչապետ Միքաթի. «Պիտի Չհրաժարիմ, Որովհետեւ  Չեմ Փափաքիր Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Ջնջելու Պատճառ Դառնալ»

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր. Վարչապետ Միքաթի. «Պիտի Չհրաժարիմ, Որովհետեւ Չեմ Փափաքիր Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ջնջելու Պատճառ Դառնալ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը եւ Բնակարանային վարկերու յատուկ դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Հապիպը: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական ու դրամատնային իրավիճակը եւ ներկայ փուլին դրամատուներուն դերակատարութիւնը: Նախագահ Աուն այսօր կէսօրէ ետք պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին: Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որ տեղի ունեցաւ...

Մոսկուայի Մէջ.   Արսլան – Լաւրով Հանդիպում

Մոսկուայի Մէջ. Արսլան – Լաւրով Հանդիպում

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի, եւ կուսակցութեան պատասխանատուներ Ալման Ժըրտիի ու Մոհամետ Մոհթարի, ինչպէս նաեւ իր խորհրդատուին` Ֆարհան Ապու Հասանի, երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ...

Պու Հապիպ. «Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին  Լիբանան Վերադարձին Մասին Տեղեակ Չենք,  Սակայն Քուէյթի Դեսպանը Պիտի Վերադառնայ»

Պու Հապիպ. «Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Լիբանան Վերադարձին Մասին Տեղեակ Չենք, Սակայն Քուէյթի Դեսպանը Պիտի Վերադառնայ»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ    հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգերը սկիզբ առին քուէյթեան նախաձեռնութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարին ջանքերուն համար` մաղթելով, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները աստիճանաբար վերադառնան իրենց բնականոն վիճակին: Պու Հապիպ շեշտեց, որ իրենք Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Լիբանան վերադարձին մասին տեղեակ չեն, «սակայն Քուէյթի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 321 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.600 լ. ոսկիի: ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան բարձր գնահատեց քուէյթեան միջնորդութիւնը, որուն շնորհիւ Լիբանանին արտօնուեցաւ իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս գալ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց...

«Եւրոճասթ». Ֆրանսայի, Գերմանիոյ  Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Սառեցուած Են  Լիբանանին Պատկանող 120 Միլիոն Եւրօ  Արժողութեամբ Գումարներ Եւ Կալուածներ

«Եւրոճասթ». Ֆրանսայի, Գերմանիոյ Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Սառեցուած Են Լիբանանին Պատկանող 120 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Գումարներ Եւ Կալուածներ

«Եւրոճասթ» գործակալութեան համաձայն, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լիւքսամպուրկի իշխանութիւնները դիմած են խիստ միջոցառումներու, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք սառեցուցած են Լիբանանին պատկանող 120 միլիոն եւրօ արժողութեամբ գումարներ եւ կալուածներ: Նոյն գործակալութեան համաձայն, այդ որոշումը տրուած է դրամի լուացումի թղթածրարի մը շուրջ կատարուած հետաքննութեան լոյսին տակ: «Եւրոճասթ»-ի համաձայն, այս հարցը հետապնդող դատական յանձնախումբին համար կան հիմնական 5 կասկածելիներ, որոնք մեղադրուած են դրամի լուացումի...

Մեծ Թիւով Երեսփոխաններ Կը Մերժեն  Կառավարութեան Ներկայացուցած  «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

Մեծ Թիւով Երեսփոխաններ Կը Մերժեն Կառավարութեան Ներկայացուցած «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստին: Նշենք, որ Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները անկարելի է յետաձգել, «ո՛չ իսկ մէկ ժամուան համար», ըսաւ ան: Միւս կողմէ, Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական...

Նախագահ Աուն Հալապիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Համալսարանին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Հալապիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Համալսարանին Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանին ու Գիտահետազօտական կեդրոնին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հալապի շեշտեց, որ նախագահ Աուն խոստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` քննարկելու համար Լիբանանեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նշանակումներուն վերաբերող հարցեր`...

Դեսպան Աթաբէկեան Համիէի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Համագործակցութեան  Ամրապնդման Հեռանկարները

Դեսպան Աթաբէկեան Համիէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Համագործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարար Ալի Համիէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ օդային հաղորդակցութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Դեսպան Աթաբէկեան եւ Համիէ ընդգծեցին երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ ուղղակի թռիչքները աւելցնելու կարեւորութիւնը` միջպետական եւ միջմարդկային յարաբերութիւնները հզօրացնելու նպատակով:

Սէյիտ Նասրալլա Հիժազիի Հետ Քննարկեց  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Վերաբերող Հարցեր

Սէյիտ Նասրալլա Հիժազիի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան քարտուղար Ալի Եուսեֆ Հիժազին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Երեք ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա եւ Ալի Հիժազի քննարկեցին նաեւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:      

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 310 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.600 լ. ոսկիի: ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանի առումով` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ներքին ճնշող հարցերը լուծելու, երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն...

Մինչ Դատական Գործընթացը Կը Սպառնայ  Անդամալուծել Երկիրը` Վառելանիւթի  Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում

Մինչ Դատական Գործընթացը Կը Սպառնայ Անդամալուծել Երկիրը` Վառելանիւթի Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում

Երէկ երեկոյեան հնչեցին շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք աւետեցին վառելանիւթի տագնապին լուծման մասին: «Քորալ» եւ «Լիքուիկեզ» ընկերութիւններու տնօրէն խորհուրդի ղեկավար Օսքար Եամմին յայտնեց, որ երկուշաբթի առաւօտեան բոլոր շրջաններուն բաւարար վառելանիւթ պիտի յանձնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին մէջ անցեալ շաբթուան ընթացքին ծագած տագնապը: Ան շեշտեց, որ ապահովուած նաւթը կը բաւարարէ վառելանիւթի սպառման լիբանանեան շուկան: Իր կարգին, Նաւթ ներածող լիբանանեան ընկերութիւններու համախմբումի...

Աուն-Ապտոլլահեան Հանդիպում. Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Արձանագրուելիք  Որեւէ Դրական Քայլ` Շրջանին Եւ Աշխարհին  Խաղաղութիւն Ու Կայունութիւն Պիտի Բերէ

Աուն-Ապտոլլահեան Հանդիպում. Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Արձանագրուելիք Որեւէ Դրական Քայլ` Շրջանին Եւ Աշխարհին Խաղաղութիւն Ու Կայունութիւն Պիտի Բերէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուելիք որեւէ դրական քայլ` շրջանին եւ աշխարհին խաղաղութիւն ու կայունութիւն պիտի բերէ: Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսի` նկատի ունենալով անոնց դերակատարութիւնը շրջանային...

Քաթարի Մէջ.   «Ծոցի Երկիրները Մեր Կողքին Են Եւ Լիբանանի Հետ  Իրենց Յարաբերութիւնները Պիտի Վերահաստատեն»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Քաթարի Մէջ. «Ծոցի Երկիրները Մեր Կողքին Են Եւ Լիբանանի Հետ Իրենց Յարաբերութիւնները Պիտի Վերահաստատեն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Ընդառաջելով Քաթարի իշխանին պաշտօնական հրաւէրին` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Քաթար` «Նոր դարու մը վերածուիլ» խորագիրը կրող «Տոհայի խորհրդաժողով»-ին մասնակցելու նպատակով: Միքաթիի ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը, կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասինը Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպանն ու Միքաթիի խորհրդական Պութրոս Ասաքերը: Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ: Քննարկուեցան...

Պըրրի Խորհրդարանը Լիագումար  Նիստի Մը Հրաւիրեց

Պըրրի Խորհրդարանը Լիագումար Նիստի Մը Հրաւիրեց

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր: Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ դիւանը խորհրդարանի լիագումար նիստի մը կը հրաւիրէ վաղը` երեքշաբթի, 29 մարտ 2022-ին, կէսօրէ առաջ...

Ճ. Պուչիքեան Կրիոյի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան-Ֆրանսական Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Ճ. Պուչիքեան Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Ֆրանսական Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի վերաբերող: Քննարկուեցան Լիբանան-Ֆրանսա գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած մնայուն զօրակցութիւնը` քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային առումով: Ճ. Պուչիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական օժանդակութիւններուն համար, որոնք Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապին...

Քստմնելի Սպանութիւն Մը Կը Ցնցէ Նապաթիէն.  25 Օր Անհետանալէ Ետք Մայր Մը Եւ Անոր  Երեք Դուստրերը Սպաննուած Գտնուեցան

Քստմնելի Սպանութիւն Մը Կը Ցնցէ Նապաթիէն. 25 Օր Անհետանալէ Ետք Մայր Մը Եւ Անոր Երեք Դուստրերը Սպաննուած Գտնուեցան

Անցեալ շաբաթավերջին Նապաթիէի Անսար գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտուած ոճիրն ու անոր մանրամասնութիւնները ցնցեցին լիբանանցիները: Անսարի թաղապետ Զաքարիա Սաֆաուիի կինը` Պասիմա Ապպաս, որ ամուսնալուծուած է, եւ անոր երեք դուստրերը` Ռիմա Սաֆաուի` 22 տարեկան, Թալա Սաֆաուի` 20 տարեկան եւ Մանալ Սաֆաուի` 16 տարեկան, 25 օրէ ի վեր կորսուած էին: Այս հարցով բացուած հետաքննութեան մէջ Սաֆաուի ընտանիքը հաստատած էր, որ անոնք Անսարի բնակիչ Հիւսէյն...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 26 մարտ 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 28 մարտ 2022-ին:    

Ամառնային Ժամանակացոյցի Սկիզբ

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար վաղը` շաբաթ, 26-էն կիրակի, 27 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:    

Page 348 of 988 1 … 347 348 349 … 988

Արխիւներ