«Միշել Մըր Ամբողջ Կեանքին Ընթացքին Պայքարեցաւ Ի Խնդիր Լիբանանի Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան» Շեշտեց Քֆուրի Եպիսկոպոս
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, փոխվարչապետ եւ երեսփոխան Միշել Մըրի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, երէկ Պթըղրինի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքի ներկայացուցիչ Էլիաս Քֆուրի եպիսկոպոսը: Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, վարչապետ Նեժիպ...




















