Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի, եւ կուսակցութեան պատասխանատուներ Ալման Ժըրտիի ու Մոհամետ Մոհթարի, ինչպէս նաեւ իր խորհրդատուին` Ֆարհան Ապու Հասանի, երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներ:
Մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական, միջազգային եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ռուս-ուքրանական տագնապը, որուն լոյսին տակ հաստատուեցաւ Ռուսիոյ ապահովական կայունութիւնն ու ռուսերուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու Ռուսիոյ իրաւունքը:
Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ ռուսական յաւելեալ ներդրումներ կատարելու կարեւորութիւնը եւ Ռուսիոյ խաղցած տնտեսական դերակատարութիւնը, որ կրնայ օգտակար ըլլալ` քաղաքական որոշումը ազատագրելու առումով, նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Ռուսիա ամբողջ աշխարհին մէջ միաբեւեռ դրութիւնը քանդած է եւ նոր հաւասարակշռութիւններ պարտադրած:
Արսլան ընդգծեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը: